Իւրաքանչիւր ուսումնական տարեշրջանի արգասինքն է ամավերջի շրջանաւարտից հանդիսութիւնը: Շրջանաւարտից հանդիսութեան օրը յիշատակելի ըլլալու կողքին տպաւորիչ օր մը կը թուի ըլլալ: Բոլոր շրջանաւարտները եւ անոնցմով հպարտ ծնողները, կրթական օճախին նուիրեալ ծառայողները, համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներն ու ընդհանրապէս բոլոր ներկաները յուզումնախառն զգացումներով լեցուած ականատես դարձան երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի արդիւնաւէտ բերքին հանդիսութեան:

Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդին, վարժարանիս միջնակարգ եւ երկրորդական կարգերու եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ծննդեան 173-ամեակին նուիրուած նուիրման պաշտամունքը տեղի ունեցաւ 7 Յուլիս 2019-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ մէջ:

 

Նուիրման պաշտամունքին իրենց ներկայութիւնը բերած էին համայնքի մարմիններու ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ: Նուիրման պաշտամունքը սկիզբ առաւ Համայնքապետ Վերապատուելիին, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ աշակերտներուն հանդիսաւոր մուտքով:

 

Պաշտամունքը սկսաւ վերապատուելիին պաշտամունքի կոչով, ապա շարունակուեցաւ Աստուածաշունչի փոխասաց ընթերցումներով եւ փառաբանութեան երգերով: Վերապատուելի Համայնքապետը բարեբաստիկ օրուան խորհուրդն ու պատգամը արտայայտող խօսքին մէջ ուրախութեամբ յիշատակեց Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադրութեան 173 ամեակն ու շրջանաւարտներու հանդիսութեան ուրախ առիթը:

 

Համայնքապետ վերապատուելին երկու պատեհ առիթներով վեր առաւ հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին կարեւոր դերակատարութիւնը մեր հայկական իրականութեան մէջ: Ապա ըսաւ.«Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ 173-րդ տարեդարձին առիթով անգամ մը եւս կը հաստատենք, որ Աստուծաշունչը եղաւ մեր եւ Աստուծոյ միջեւ այն բաց օղակը, որ մնայուն կերպով Աստուծոյ ձայնը հասանելի դարձուց մեր ժողովուրդին՝ տարբեր իրավիճակներու մէջ լուսաւոր ուղի բանալով»:

 

Վերապատուելին անդրադարձաւ Աւետարանական եկեղեցին յատկանշող բարեկարգութեան, որ ինքնին գաղափարախօսութիւն է եւ ապրելու կենսաձեւ: Ապա իր խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն ըսաւ.«Սիրելի՛ շրջանաւարտներ, դուք բարեկարգութեան պտուղներն էք եւ սիրելի էք Աստուծոյ՝ ձեր կրթութեամբ, ուսումնատենչ ոգիով եւ վերելքով: Յոյժ գնահատելի են ձեր աշխատանքն ու լաւագոյնին հասնելու ձգտումը»: Այնուհետեւ վերապատուելին շնորհաւորեց աշակերտները, անոնց ծնողներն ու գնահատեց տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը իրենց նուիրեալ աշխատանքին համար:

 

Սոյն Նուիրման պաշտամունքին շրջանաւարտներ ելոյթ ունեցան: Իրենց վարժարանին հանդէպ երախտագիտական եւ հրաժեշտի խօսքեր արտասանեցին ԺԲ. կարգի աշակերտներէն Ճորճ Խաչատուրեան (հայերէն), Մարիա Ֆարահ (արաբերէն) եւ Էլէնօր Նսէյր (անգլերէն): Անոնք շեշտեցին ուսումնատենչ  ու ջանասէր ըլլալու կարեւորութիւնը, ապա շնորհակալական խօսք ուղղեցին բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կանգնեցան, որպէսզի առանց խոչընդոտներու հարթեն ուսման ճանապարհը:

 

Գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Ժագ Պօզեագալեան՝ մեներգով եւ Տեսիլ Սարեան՝ նուագակցութեամբ: Նուիրման պաշտամունքը իր աւարտին հասաւ Տէրունական աղօթքի երգեցողութեամբ եւ համայնքապետ վերապատուելիին օրհնութեան աղօթքով:

Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ին, Հայ Աւետարանական Բեթէլ եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս տեղի ունեցաւ 9-րդ եւ 12-րդ կարգերու շրջանաւարտից հանդիսութիւնը, հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի եւ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդին, ներկայութեամբ Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին, ծնողներու եւ հիւրերու:

 

Հանդիսութիւնը նուիրուած էր երկու մեծանուն հայերուն՝ Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակին: Հանդիսութինը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Բեթէլի քայլերգներով, աշակերտներու նուագակցութեամբ:

 

Բացման խօսքով հանդէս եկան ԺԲ.կարգէն Արեգ Նանէճեան (հայերէն) եւ Ռենա Աքֆալի (արաբերէն): Ապա վարժարանի տնօրէնուհի Արուսեակ Հալլաճեան ներկայացուց 2018-2019 տարեշրջանի ուսումնական տեղեկագիրը: Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինով շրջանաւարտները ներկայացուցին Յ. Թումանեանի կենսագրութենէն եւ գործերէն պատառիկներ, քառեակներ եւ այլն: Արտասանուող խօսքերուն զուգահեռ խումբ մը աշակերտներ՝ Մանուէլ Միւրէգեան (ֆլիւթ), Շահտ Տիպէ (դաշնամուր), Տեսիլ Սարեան (ջութակ), Էլի Անտրաուս (ջութակ), Զոհրապ Միւրէգեան (թաւ ջութակ), Նուր Իպրահիմ (կիթառ) եւ Ժագ Պօզեագալեան (դաշնամուր) մեկնաբանեցին հայ երաժշտական կտորներէն ու երգերէն գոհարներ,ինչպէս «Գարուն Ա», «Սոնա Եար», « Պինկէօլ», «Ալ Այլուղս» , «Երազ Իմ Երկիր» եւ այլն: Արաբերէն բաժինով  խումբ մը աշակերտներ Սուրիոյ եւ Հալէպի նուիրուած խօսքեր եւ քերթուածներ արտասանեցին: Ապա ելոյթը շարունակուեցաւ աշակերտներուն ներկայացուցած հայկական եւ արաբական պարերով: Ֆրանսերէն «Թօմպ լա Նէժ» մեներգով եւ նուագակցութեամբ ելոյթ ունեցաւ ԺԲ.կարգէն Ժագ Պօզեագալեան:Ան նախորդ տարի Սուրիոյ Կրթութեան Տնօրէնութեան կազմակերպած լեզուներու փառատօնին այս երգին կատարումով առաջնակարգ հանդիսացած էր:

 

Յետ գեղարուեստական բաժինին, շրջանաւարտները բեմ ելան Համայնքապետ Վերապատուելիին եւ տնօրէնութեան ձեռամբ ստանալու իրենց վկայականները: Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ միջնակարգ եւ երկրորդական իւրաքանչիւր կարգի եւ հայերէնի գերազանց աշակերտներու պարգեւատրումը: Յատուկ գնահատանքի արժանացան անցնող տարեշրջանին Հալէպի մակարդակով 9-րդ կարգի բարձրագոյն նիշ ապահովող Մարինա Ֆարահն ու 12-րդ կարգէն Իլիաս Ֆարահը: Առաջնակարգ ու գերազանց ըլլալու  Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի օրակարգին հիմնական, կարեւորագոյն եւ կորիզային պայմաններէն  կը համարուին:

 

Ուրախալի եւ հպարտալի երեւոյթ է յիշել, որ 2018-2019 ուսումնական տարեշրջանին հայկական վարժարաններու մէջ առաջին դիրք գրաւող Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի 9-րդ կարգի աշակերտներէն Շազա Տիպէ լման գումար բերելով պրովէի Հալէպի մակարդակով առաջին դիրքը գրաւեց, Ռանա Մարդան՝ երրորդ դիրքը, իսկ Հապիպ Մասրիյէն՝ 10-րդ դիրքը: Պաքալորիայի փայլուն արդիւնքները խթան հանդիսացան վարժարանիս աշակերտութեան: Ուսման առընթեր, վարժարանէս ներս կարեւոր կը համարուին նաեւ հայ աշակերտին վարքն ու բարքը:

 

Արդարեւ, համայնքապետ վերապատուելիին գեղեցիկ մտայղացումով ու տնօրէնութեան հետ խորհրդակցաբար այս տարի ընտրեց վարժարանիս տիպար աշակերտը, որ առաջադրուած բազմաթիւ կէտեր ամբողջացնելով նիւթական գնահատանքի արժանացաւ: 2018-2019 տարեշրջանի «տիպար աշակերտ» կոչումին արժանացաւ 9-րդ կարգէն Քրիստ Եաղճեան:

Աւարտին, Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն: Ան փառք տալով Աստուծոյ վեր առաւ Հայ Աւետարանական Բեթէլ Երկրորդական վարժարանի տարիներու ընթացքին ձեռք բերած գերազանց եւ փայլուն նուաճումները, որոնց շնորհիւ վարժարանը հալէպահայ գաղութին մէջ կարեւոր ներկայութիւն եղաւ ու կը շարունակէ ըլլալ: Համայնքապետը շեշտելով ուսման անհրաժեշտութիւնը լուսարձակի տակ առաւ ժրաջանօրէն սորվելու եւ նոր գիտելիքներ ստանալու կարեւորութիւնը: Ապա ան շնորհաւորեց աշակերտները, յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց ուսուցչական կազմին եւ տնօրէնութեան, ինչպէս նաեւ սիրելի ծնողներուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն իրենց զաւակներուն վերելքին համար: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ վերապատուելիին աղօթքով եւ առաքելական օրհնութեամբ:

Լուսին Ապաճեան-ՉիլԱբօշեան