«Թերթ».-Ամերիկեան CNN պատկերասփիւռը հրապարակած է եւրոպական 20 ամենագեղեցիկ քաղաքներու ցանկը, ուր ոչ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ  կ’այցելեն:

Եւրոպայի ամենագեղեցիկ քաղաքներու ցանկին մէջ ներառուած է նաեւ Հայաստանի մայրաքաղաքը, որուն տեսարժան վայրերը քիչ  բացայայտուած են զբօսաշրջիկներու կողմէն:

Նիւթին հեղինակները զբօսաշրջիկներուն խորհուրդ կու տան հայկական եկեղեցւոյ եւ Երեւանի պատմութեան ծանօթանալ «Էրեբունի» պատմաճարտարապետական թանգարանէն ներս: