Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ի յետմիջօրէին, «Գանձասար» շաբաթաթերթի Խմբագրական կազմն ու Վարչութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի նորնընտիր Առաջնորդին:

Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումին, սրբազան հայրը ծանօթացաւ խմբագրական կազմին ու անոր գործունէութեան, թերթի հրատարակութեան կողքին շնորհանդէսներու, դասընթացքներու կազմակերպման ծրագրերուն:
Խօսուեցաւ մամուլի տարուան ու թերթին համայնքին հայելին ըլլալու կարեւոր հանգամանքին մասին:,
Սրբազան հայրը յաջողութիւն մաղթելով խմբագրակազմի անդամներուն գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց:

Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան ատենապետն ու ներկայացուցիչները: