Ուրբաթ, 26 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան շարունակուեցան Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ.Մասիս Եպս. Զօպուեանի հետ ազգային, եկեղեցական մարմիններու շնորհաւորական եւ ծանօթացման հանդիպումները, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս:

Ժամը 10:30-ին, սրբազան հայրը ընդունեց Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքը: Քահանայ հայրեր, թաղական խորհուրդի, Տիկնանց Օժանդակ Մարմինի, Աղքատախնամ Կազմի եւ Դպրաց Դասի ներկայացուցիչները շնորհաւորեցին նորընտիր թեմակալ առաջնորդը, մաղթելով արեւշատութիւն եւ ընդ երկար ծառայութիւն: Ծանօթացման պատեհ առիթ հանդիսացաւ մտերմիկ հանդիպումը: Ներկաները իրենց եկեղեցանուէր գործունէութեան մասին ակնարկութիւն կատարեցին, եւ գալիք ամիսներուն վերաբերեալ իրենց նախատեսած աշխատանքային ծրագիրը ներկայացուցին: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը գնահատական եւ օրհնաբեր խօսքերով խրախուսեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ընտանիքը, մաղթելով աննկուն կամք, անսպառ եռանդ, աստուածահաճոյ եւ ազգանուէր ծառայութիւն: Սրբազան հայրը յայտնեց, որ պատերազմի դառն օրերուն Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին յոյսի կեդրոն հանդիսացաւ, յատկապէս Նոր Գիւղի շրջանի հայ բնակչութեան համար: Սրբազան հայրը անդրադարձաւ համագործակցութեան բարերար ազդեցութեան, որ արտայայտիչն է միասնական ճիգերուն եւ սրբանուէր ձգտումներուն:

Աւարտին, ներկաները սրբազան հօր օրհնանքը ստացան:
«Թագաւոր երկնաւոր զեկեղեցի քո անշարժ պահեա»: