26 Յուլիսին, Երեւանի ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի հանդիպումը:

Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէէն հանդիպումին մասնակցած են Արթուր Մոսիեան, Սերկէյ Շահվերտեան եւ Վահագն Դադայեան, Հայաստանի Գերագոյն Մարմինէն` Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան, Սիմոն Սիմոնեան, Շաղիկ Մարուխեան, Յակոբ Մաթիլեան եւ Արթուր Խաչատրեան:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են Արցախի ներքին քաղաքական իրավիճակին առնչուող շարք մը հարցեր` մասնաւորապէս Արցախի յառաջիկայ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու, խորհրդարանական ու նախագահական ընտրութիւններուն  Դաշնակցութեան դիրքորոշումն ու ընելիքները: ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչները անգամ մը եւս հաստատած են, որ Դաշնակցութեան համար Արցախը միշտ եղած է առանցքային եւ առաջնահերթ, վերաշեշտաւորած` «Զարգանալ` չզիջելով» հայեցակարգի այժմէականութիւնն ու անհրաժեշտութիւնը:

Քննարկուած է նաեւ Արցախի մէջ գործող քաղաքական այլ ուժերու հետ յարաբերութիւններու ներկայ պատկերը, հետագայ ընելիքները եւ կուսակցութեան ռազմավարութիւնն ու մարտավարութիւնը` ուղղուած Արցախի ներքաղաքական կեանքին մէջ իրավիճակի հաստատման եւ ամրապնդման, ինչպէս նաեւ երկրի անվտանգութեան պահպանման գործին մէջ:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինը անգամ մը եւս վստահեցուցած է իր անմնացորդ օժանդակութիւնն ու զօրակցութիւնը ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէին: