(Ախալցխա.net) կայքը կը հաղորդէ, որ Պաթումի իշխանութիւննները քաղաքին մէջ գտնուող Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցին յանձնած են Վրաց Ուղղափառ եկեղեցւոյ:
Աղբիւրին համաձայն, կիսաքանդ վիճակի մէջ գտնուող եկեղեցիին մէջ վերանորոգման աշխատանքներ սկսած են` Աճարիոյ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործակալութեան կազմակերպմամբ եւ «Քարթու» հիմնադրամի նիւթական աջակցութեամբ:
Եկեղեցւոյ վերանորոգումին համար պիտի տրամադրուի 700.000 լարի: Վերանորոգման նախագիծը Աճարիոյ մշակութային ժառանգութեան պահպանման գործակալութիւնը նախատեսած է 2017 թուականին: Տաճարը կառուցուած է XIX դարուն:
Սովետական շրջանին եկեղեցին կը գործէր, որպէս մարզասրահ:
Քանի մը օր առաջ Աճարիոյ կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Մաիա Խաճիշուիլ եւ գործակալութեան ղեկավար Զաուր Ախվլեթիան ուսումնասիրած են ընթացող շինարարական աշխատանքները: