Ուրբաթ, 12 Յուլիս 2019-ի առաւօտեան, վեհափառ հայրապետը ընդունեց այցելութիւնը Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանին (AUB) արուեստի ու գիտութեանց բաժանմունքի տնօրէնուհի դոկտ. Նատիա ալ Շէյխի, ընկերակցութեամբ նոյն բաժանմունքին քաղաքական գիտութեանց ճիւղի դասախօս դոկտ. Ժան Կէօքճեանի:

Այցելութեան նպատակն էր Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ համալսարանէն ներս հայագիտական ուսմանց ծրագիր մը հաստատելու շուրջ: Մօտէն իմանալէ ետք ծրագիրին մանրամասնութիւնները, վեհափառ հայրապետը, որ նաեւ ուսանող եղած է յիշեալ համալսարանին մէջ, իր գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեց նման ծրագիրի մը իրագործման:

Հայագիտական ուսմանց անունը կրող ծրագիրը պիտի ներառէ հայագիտական նիւթի մը առնչուած դասընթացք, դասախօսութիւն, սեմինար, օտար դասախօսներու կողմէ ներկայացումներ, ուսումնասիրութիւններ եւ հրատարակութիւններ՝ ըստ յարմարութեան:

Ծրագիրը կարելի է սկսիլ մէկ միլիոն ամերիկեան տոլարի դրամագլուխով, որուն տարեկան տոկոսը պիտի տրամադրուի յիշեալ ծրագրերուն: Ծրագիրին պատրաստութեան ու գործադրութեան հսկող յանձնախումբ մը պիտի նշանակուի, որուն մաս պիտի կազմեն նաեւ մեկենասները:

Վեհափառ Հայրապետը մեծապէս ողջունելի ու գնահատելի կը գտնէ նման նախաձեռնութիւն մը, նկատի ունենալով Լիբանանի հայ համայնքի ներկայացուցած կարեւորութիւնը երկրէն ներս, ինչպէս նաեւ ամերիկեան համալսարանին ունեցած վարկը Միջին Արեւելքէն ներս: