Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբին հրաւէրով, աշխատանքային այցելութեամբ մեկնեցաւ Աւստրալիա:

Պատուիրակութեան մաս կը կազմէ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Այցելութեան ընթացքին նախատեսուած է հանդիպումներու շարք մը Աւստրալիոյ պետական, քաղաքական եւ հասարակական գործիչներու, ինչպէս նաեւ հայկական համայնքային կառոյցներու եւ հոգեւոր դասու ներկայացուցիչներու հետ:

Կիրակի, 28 Յուլիսին, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը հանդիպեցաւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի Թեմի Առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արքեպիսկոպոս Նաճարեանի հետ: Նոյն օրը Սիտնիի Հայկական մշակութային կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ պատուիրակութեան անդամներու հանդիպումը հայկական երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ, որուն ընթացքին Մասիս Մայիլեան ներկայացուց Արցախի մէջ անկախ եւ ժողովրդավարական պետականաշինութեան գործընթացին ձեռքբերումները:
Ան կարեւոր համարեց հայկական սփիւռքի ներդրումը հայկական երկրորդ պետութեան զարգացման գործընթացին մէջ: Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Արցախի միջազգային ճանաչման եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացներուն:
Այնուհետեւ Մասիս Մայիլեան եւ Դաւիթ իշխանեան պատասխանեցին հաւաքի մասնակիցներուն բազմաթիւ հարցումներուն: Հանդիպումներուն կը մասնակցէին նաեւ Աւստրալիոյ Արցախի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Քայլար Միքայէլեան եւ Հայ Դատի Աւստրալիոյ Յանձնախումբի նախագահ Հայկ Կայսերեան: