Հովանաւորութեամբ Սուրիոյ Կրթութեան Նախարարութեան, 30 Յուլիսին Դամասկոսի Օփերայի տան մէջ տեղի ունեցաւ «Լեզուներու ԵՒ Արուեստի Կրթական Փառատօն»ը, որուն մասնակցեցան Սուրիոյ զանազան վարժարաններու թեկնածուներ։

Փառատօնին մասնակցեցաւ նաեւ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանը։

Միջվարժարանային փառատօնի աւարտին, որ կը կրէր նաեւ մրցումի բնոյթ, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանը Սուրիոյ ախոյեան հանդիսացաւ։

Ճեմարանը մասնակցած էր երկու խումբով.

-Անգլերէն մեներգ՝ Ակաբէ Ֆրանքեան, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Արմէն Ասայեանի։

-Անգլերէն զուգերգ՝ Նայիրի Արապաթլեան եւ Վանայ Արուշեան, պարի ընկերակցութեամբ Միհրան Ալաճաճեանի եւ Ժուէլ Ղազալ էլպըրի։

Գեղարուեստական ներկայացումներու պատասխանատուն էր Ճեմարանի ուսուցչուհի տիկին Սեւան Սիսեռեան- Եղիայեան։