Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ 30 Յուլիսին Աւստրալիոյ մայրաքաղաք Քանպերայի` Դաշնային խորհրդարանին մէջ, Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան պատուին Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ երեսփոխաններ Թրենտ Զիմերմանի եւ Ժոել Ֆիտցկիպընի կողմէ կազմակերպուած է ընդունելութիւն: Ընդունելութեան մասնակցած են Դաշնային խորհրդարանի ծերակուտականներ, երեսփոխաններ, որոնց կարգին` խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան ութ մնայուն յանձնախումբերու նախագահներ եւ նախարարներ:

Երեսփոխաններ Թրենտ Զիմերման եւ Ժոել Ֆիտցկիպըն ողջունած են Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան այցելութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անիկա հիմք ստեղծէ ապագային Աւստրալիոյ եւ Արցախի միջեւ կապերու խորացման, նաեւ` խորհրդարանական դիւանագիտութեան մակարդակով:

Պատասխան խօսքին մէջ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան գոհունակութիւն յայտնած է Դաշնային խորհրդարանին մէջ կազմակերպուած ջերմ ընդունելութեան համար եւ ներկայացուցած Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւնները` անդրադառնալով Արցախի միջազգային ճանաչման եւ միջազգային գործակցութեան ընդլայնման հոլովոյթներուն մէջ արձանագրուած արդիւնքներուն, ղարաբաղեան տագնապի պատմական ու իրաւական երեսներուն եւ տագնապի խաղաղ լուծման շուրջ արցախեան կողմին դիրքորոշման:

Ընդունելութեան ընթացքին Արցախի արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան եւ Արցախի Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան անդամ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձ կատարած են Արցախի եւ Աւստրալիոյ միջեւ տարբեր մակարդակներով գործակցութեան զարգացման կարելիութիւններուն: