Ուրբաթ, 2 Օգոստոսին Արամ Մանուկեան Ժողովրդային Տան Խնամակալութիւնն ու տնօրէնութիւնը շնորհաւորական այցելութիւն տուին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդին։

Ծանօթացումէն ետք, կառոյցի տնօրէն Տիգրան Պետրոսեան ներկայացուց ԱՄԺ Տան գործունէութեան բնոյթն ու դերը, յատկապէս պատերազմի տարիներուն, որպէս երիտասարդութեան հաւաքավայր, ակումբ, ընտանեկան միջավայր, մշակութային կեդրոն եւ միութիւններու գործունէութեան նպաստող կառոյց։ Ապա ներկաները շնորհաւորեցին Բերիոյ Թեմի նորընտիր Առաջնորդն ու յաջողութիւն մաղթեցին իր նուիրական առաքելութեան։

Սրբազան հայրը, իր կարգին, գործակցութեան պատրաստակամութիւնը յայտնելով խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ յաջողութիւն մաղթեց խնամակալներուն ու տնօրէնին՝ կարեւոր համարելով նման կառոյցներու գոյութիւնն ու դերը հայ համայնքի կեանքին մէջ։