ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 

ՌԷԱԼՆ ՈՒ ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՄՆԱՑԻՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԷՆԷՆ ՍՈՒՂ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ՀՆԳԵԱԿԻՆ ՄԷՋ 

Forbes ամսագիրը կազմեց աշխարհի ամէնէն սուղ ակումբներուն ցուցակը։ Առաջին տեղը գրաւեց ամերիկեան ֆութպոլի ազգային լիկայի «Տալաս Քոուբուս» ակումբը, որուն նիւթական հաշուեկշիռը կազմեց 5 միլիառ ամերիկեան տոլար: Խումբը նախորդ տարուան համեմատ 4 տոկոսով աճ արձանագրեց։ Երկրորդ տեղը գրաւեց Պէյսպոլի «Նիւ Եորք Եանքիզ» ակումբը (4,6 միլիառ): Առաջին Հնգեակին մէջ մտան նաեւ Սպանիոյ Ռէալ Մատրիտը (4,2 միլիառ), Պարսելոնան (4,02 միլիառ) եւ պասքեթպոլի «Նիւ Եորք Նիքս» (4 միլիառ) ակումբները։

ՊԷՅԼ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ 

Սպանիոյ մայրաքաղաք Ռէալ Մատրիտի Ուէլզիացի խաղացող Կերըթ Պէյլ իր մարզական կեանքը պիտի շարունակէ Չինաստան: Ըստ վերջին տեղեկութիւններուն, սպանական խումբի մարզիչը յայտնած է Պէյլին, թէ պիտի տեղափոխուի այլ ակումբ, որովհետեւ ան տեղ պիտի չունենայ Ռէալին մէջ: Մարզական աղբիւրներ յայտնեցին նաեւ, որ Պէյլ լուրջ բանակցութիւններու մէջ է չինական Ցզեանսու Սունինի ակումբի ղեկավարներուն հետ, եւ յառաջիկայ օրերուն պիտի ստորագրէ երեք տարուան պայմանագրութիւն: Կողմերուն մնացած է կարգաւորել գործարքի քանի մը կէտ, որմէ ետք Պէյլ պիտի տեղափոխուի Չինաստան։ Նոր ակումբին հետ ֆութպոլիստը տարեկան պիտի ստանայ 22 միլիոն եւրօ։ Աւելցնենք, որ Կերըթ Պէյլ սպանական խումբին միացաւ 2013-ին:

ՊԱՐՍԵԼՈՆԱՆ ՍԱՀՄԱՆԵՑ ՔՈԹԻՆԻՈՅԻ ԳԻՆԸ

Ըստ սպանական Mundo Deportivo լրատուամիջոցին, Սպանիոյ ախոյեան Պարսելոնան սահմանեց 27-տարեկան պրազիլցի խաղացող Ֆիլիփ Քոթինիոյին փոխադրութեան արժէքը: Քաթալոնէական ակումբը մտադիր է ստանալ    100 -120 միլիոն եւրօ փոխան այն նոյն արժէքին, որ Պարսելոնան վճառած է Լիվըրփուլին երկու տարի առաջ, երբ պրազիլցի խաղացողը միացաւ Պարսելոնային: Աւելցնենք, որ Մանչէսթըր Իւնայթըտ, Փարիզ Սան Ժերմանն ու Մանչէսթըր Սիթին կþուզեն Քոթինիոն ներգրաւել իրենց խումբին մէջ:

ՃՈՔՈՎԻՉՆ ՈՒ ՖԵՏԵՐԸՐԸ ՊԻՏԻ ՉՄԱՍՆԱԿՑԻՆ ՄՈՆՐԷԱԼԻ ՄԱՍԹԸՐԶԻՆ 

Աշխարհի արհեստավարժ թենիս խաղացողներու առաջին դիրքը գրաւող սերպիացի Նովաք Ճոքովիչ եւ աշխարհի երրորդը, զուիցերիացի Ռոժըր Ֆետերըր իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն Քանատայի Մոնրէալ քաղաքին մէջ տեղի ունենալիք մասթըրզի մրցաշարքին, որ տեղի պիտի ունենայ 5 Օգոստոսէն սկսեալ: Ուիմպիլտընի մրցաշարքէն ետք, թենիսիստները մտադիր են հանգստանալ եւ կրկին վերադառնալ Ամերիկա, 12 Օգոստոսին այնտեղ մասնակցելու տեղի ունենալիք նոյն մրցաշարքին։

Յիշեցնենք, որ Ուիմպիլտընի մրցաշարքի եզրափակիչին, Նովաք Ճոքովիչ Ռոժըրին յաղթեց 6-7 (5-7), 6-1, 6-7 (4-7),    6-4, 12-13 (3-7) արդիւնքով:

 

ՌԷԱԼԻ ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՎՍՏԱՀ Է ՈՐ ՊԻՏԻ ԿԱՐԵՆԱՅ ՁԵՌՔ ԲԵՐԵԼ ՓՈԿՊԱՆ 

ESPN- լրատուամիջոցը հաղորդեց, որ Սպանիոյ մայրաքաղաքի՝ Ռէալ Մատրիտ ակումբի ղեկավարութիւնը վստահ է, որ պիտի կարենայ գնել Մանչեսթըր Իւնայթըտի կիսապաշտպան Փօլ Փոկպան մինչեւ ամառնային փոխադրաշրջանի աւարտը։ Փօլ Փոկպայի տեղափոխութեան համար պայքարը կը շարունակէ արքայական ակումբի գլխաւոր մարզիչ Զէնատտին Զիտան, մանաւանդ երբ խումբը 7 – 3 արդիւնքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Աթլեթիքօ Մատրիտին հետ կատարած բարեկամական մրցումին։ Ֆրանսացի մասնագէտը կրցաւ համոզել ակումբի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերէզը, որ Փոկպան Ռէալին միացնելը շատ կարեւոր քայլ մըն է, մինչ այդ Փերէզ փափաք չունէր նիւթական մեծ գումար յատկացնել Փոկպային համար:

Աւելցնենք, որ անցեալ շաբթուան ընթացքին Փերէզ Զիտանին ըսած էր, որ Փոկպան գնելը գրեթէ անկարելի է, որմէ ետք Զիտան խնդրած էր փորձ մը եւս կատարել։ Տեղին է յիշել նաեւ, որ անգլիական ակումբը Փոկպային համար պահանջած է 180 միլիոն եւրօ:

Ռաֆֆի Սիւլահեան