«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ  Մշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարարութիւնը տուեալներ  հրապարակած է երկրին մէջ հանրային գրադարաններու ընդհանուր թուաքանակին մասին:

Ըստ այդմ, Թուրքիոյ 81 նահանգներուն մէջ 1171 հանրային գրադարան կայ:

Արձանագրուած է, որ 16 մլն. բնակչութիւն ունեցող Իսթանպուլի մէջ ընդամէնը 38 գրադարան կայ:

Ամէնէն շատ գրադարան ունի Անգարան (47), իսկ ամենաքիչը` Եալովան,Իգտիրը եւ Քիլիսը (3):