Կազմակերպութեամբ Գամիշլիի «Զաւարեան» Պատանեկան Միութեան Վարիչ Կազմին եւ ՀՄԸՄ-ի Վարչութեան, Յունիս եւ Յուլիս ամիսներուն ամառնային երկամսեայ դպրոցի մը ծրագիրը իրագործուեցաւ «Խորէնեան» սրահէն ներս, մասնակցութեամբ 87 սկաուտներու եւ պատանիներու։

Ծրագիրին նպատակն էր համախմբել երկու միութիւններու անդամները, զիրենք բաժնելով տարիքային խումբերու եւ յառաջացնելով յատուկ յանձնախումբ եւ դաստիարակ կազմ, որոնք առօրեայ օրակարգը պիտի գործադրէին։ Ազգային դաստիարակութեան կողքին, դպրոցին նպատակն էր ամրան արձակուրդին կազմակերպել՝ լողալու, մարզանքի, պտոյտի, դաշտային խաղերու, զարգացման մրցումներու եւ ձեռային աշխատանքի յատուկ յայտագրեր, որպէսզի պատանիները հաւաքական աշխատանքի եւ ընկերային մթնոլորտի ներքեւ հաճելի պահեր ապրին:

Ամառնային դպրոցի օրերուն ծնողական հանդիպումներն ու հաւաքը դրական իրենց ազդեցութիւնը ունեցան: Ծնողներ, իրենց նիւթական եւ բարոյական ներդրումով, սատար հանդիսացան ծրագիրին յաջողութեան։ ՍՕԽ-ի Արցախ Մասնաճիւղի Վարչութիւնն ու Յանձնախումբը եւս ճիգ չխնայեցին իրենց նպաստը բերելու ամառնային դպրոցի յաջողութեան։
Երկու ամսուան ընթացքին, շաբաթական հինգ օրուան դրութեամբ, սկաուտներն ու պատանիները վայելեցին ուրախ, խանդավառ եւ օգտաշատ ժամեր: Ծրագիրը աւարտին հասաւ ՀՄԸՄ-ի պարտէզէն ներս մտերմիկ խրախճանքի մը կազմակերպումով:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն