Շաբաթ, 3 Օգոստոս 2019-ին Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան իր անդրանիկ այցելութիւնը տուաւ հայ երեք համայնքապետներուն հոգատարութիւնը վայելող Հայ Ծերանոցին:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը դիմաւորուեցաւ Հայ Ծերանոցի Խնամակալութեան, Տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան կողմէ: Սրբազան հօր կ՛ընկերակցէր Տէր Յուսիկ Աւագ Քահանայ Սեդրաքեան:
Այցելութեան ընթացքին Խնամակալութեան անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Խնամակալութեան փոխատենապետ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան:
Այնուհետեւ Հայ Ծերանոցի տնօրէն Աւետիս Գաթրճեան բարի գալուտ մաղթելով Առաջնորդ Սրբազան Հօր, համառօտ կերպով ներկայացուց կառոյցին ծառայողական գործունէութիւնը, պատերազմի տարիներուն յաղթահարած դժուարութիւնները, պաշտօնէութեան աշխատանքը, բարձրօրէն գնահատելով հայ երեք համայնքապետներուն անվերապահ գործակցութիւնն ու զօրակցութիւնը, որուն արդիւնքով Հայ Ծերանոցը շարունակեց անդադար գործել՝ ապահով երդիք հանդիսանալով մեր մամիկներուն եւ պապիկներուն համար:
Ապա ծերանոցի տնօրէնն ու խնամակալութիւնը առաջնորդեցին սրբազան հայրը շրջագայելու կառոյցէն ներս: Սրբազան հայրը ծանօթացաւ կառոյցի բաժիններուն, տարուած աշխատանքներուն, զրուցեց հայ մամիկներուն եւ պապիկներուն հետ ու առողջութիւն մաղթեց անոնց:
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց Խնամակալութեան, տնօրէնին եւ պաշտօնէութեան աշխատանքը, շեշտեց գործակցութեան կարեւորութիւնը, դիտել տալով որ մեր մամիկներն ու պապիկները մեր բոլորին հոգատար վերաբերմունքին ու խնամքին արժանի են: Անոնք մեր հայրերն ու մայրերն են, ապահով կը զգան այս կառոյցէն ներս, այնպէս ինչպէս իրենց տան: Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդը շեշտեց, որ այս կառոյցը կը վայելէ սուրիահայ համայնքին ուշադրութիւնը, հայ երեք համայնքապետներուն հոգատարութիւնը, ապա շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն եւ այցելուներուն, որոնք առանց վերապահութեան օժանդակութեան ձեռք կ՛երկարեն ու Աստուածահաճոյ նուիրաբերումով կը նպաստեն Հայ Ծերանոցի անխափան գործունէութեան:
Այս առիթով, կառոյցի խնամակալութիւնն ու տնօրէնը սրբազան հօր նուիրեցին Հայ Ծերանոցին պատմութիւնն ու գործունէութիւնը ներկայացնող գիրք մը: