«Ապառաժ».-Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերու եւ Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպելու առիթներով այս օրերուն Արցախ կը գտնուի ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-խաչատուրեան: «Ապառաժ»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՅԴ ներկայացուցիչը ողջունած է այն հանգամանքը, որ Համահայկական խաղերու բացումը կը կատարուի Ստեփանակերտի մէջ:
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան յայտնած է.«Համոզուած եմ, որ յատուկ նշանակութիւն ունի, նոյն պատճառով մենք տարեսկիզբը ՀՅԴ Ընդհանուր Ժողովը գումարած ենք Ստեփանակերտի մէջ: Արցախը մեր բոլորին կիզակէտն է. Արցախին համար բոլորս ընելիք ունինք: Ինչպէս բազմիցս յայտարարած ենք, մեր երկրի զարգացման ուղին պէտք է հիմնուած ըլլայ «զարգանալ` չզիջելով» գաղափարախօսութեան վրայ: Եւ ուրախ եմ ըսելու, որ զարգացման այս ուղիին շուրջ համախոհութիւնը նկատելի է համահայկական առումով»:
Անդրադառնալով նախորդ օրերուն Վերածնունդ հրապարակին մէջ տեղի ունեցած հանրահաւաքին, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը դիտել տուած է, որ մարզանքը ինքնին միացնող ազդակ է եւ Համահայկական խաղերու ընթացքին պէտք է ըլլայ միասնականութեան նորովի դրսեւորում եւ ամբողջական հայութեան խանդավառութեան առարկայ: «Ես անձամբ ներկայ էի տեղի ունեցած հանրահաւաքին: Մեզի համար մտահոգիչ էր, որ բացման արարողութենէն առաջ տեղի ունեցած հանրահաւաքը քաղաքական բնոյթ ստացաւ: Կ’ողջունենք Արցախի Հանրապետութեան նախագահի եւ ՀՀ վարչապետի ելոյթներուն մէջ միասնականութեան շեշտադրումը: Սակայն Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ միասնութիւնը պէտք է ըլլայ համոզումով, իրական միասնականութիւն` առանց քաղաքական շահադիտութեան», ըսած է Յակոբ Տէր-խաչատուրեան: