Չորեգշաբթի, 7 Օգոստոս 2019-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբազան Զօպուեան, ընկերակցութեամբ կրօնական ժողովի ներկայացուցիչ Արժ. Տ. Գառնիկ Քհնյ. Չափանեանի, այցելեց Հալէպի Լատին եկեղեցւոյ Առաջնորդ Հայր Իպրահիմ Սապպաղին: Հոգեշնորհ Հայր Իպրահիմը լուսարձակի տակ առաւ Հալէպի պատերազմով սկիզբ առած մարդասիրական ծառայութիւնները, որոնք մինչեւ այսօր կը շարունակուին, ան միաժամանակ անդրադարձաւ Հայ համայնքին բարենպաստ տեղին ու դերին վերոնշեալ աշխատանքներուն մէջ: Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր կարգին ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեց ջերմ եւ սիրալիր դիմաւորութեան համար, յայտնելով որ մարտահրաւէրները բազմաբնոյթ են, ուստի, Քրիստոնէական ոգիով եւ միասնաբար կարելի է յաղթահարել ներկայ փուլին ցցուող դժուարութիւնները:
Աւարտին, առնուեցան յիշատակի նկարներ: