«Արմէնփրէս».-12 Օգոստոսին Արտաքին Գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեան ընդունեց «Մուտիզ» միջազգային վարկանշային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները:
Հանդիպումին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի ներքաղաքական վերջին զարգացումներուն, կառավարութեան կողմէն իրականացուող բարեփոխումներու գործընթացին, երկրի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւններուն:
Եւրամիութեան հետ գործակցութեան ընթացքին ԱԳ նախարարը արժեւորեց Եւրամիութեան եւ Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններուն հետ յարաբերութիւններու նոր իրաւական հիմք հանդիսացող ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի դերը, որպէս կարեւոր գործիք Հայաստանի մէջ ընթացող բարեփոխումները խթանելու համար:
Զոհրապ Մնացականեան զրուցակիցներուն ներկայացուց լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացին Հայաստանի սկզբունքային դիրքորոշումը եւ մօտեցումները` առանձնապէս կարեւոր համարելով խաղաղութեան նպաստող միջավայրի ձեւաւորումը եւ վտանգներու նուազեցման համար նախաձեռնութիւններ կազմակերպելը: