«Արցախփրէս».- Բրիտանական յայտնի «Kensington, Chelsea & Westminster Today» ամսագիրը, որուն օգոստոսեան համարը լոյս տեսած է հայոց թռչնատառ այբուբենի նկարը պատկերող շապիկով, կը գրէ, որ պատմական գեղեցկութիւն եւ կարեւորութիւն, հնագոյն մշակոյթ ունեցող Հայաստանը մեր օրերուն համաշխարհային քարտէսին վրայ ռազմավարական դիրք կը գրաւէ:
Ամսագիրը ստուարածաւալ յօդուածներ նուիրած է Հայաստանին` անդրադառնալով մեր երկրի պատմութեան, հաւատքին, զբօսաշրջութեան ու մշակոյթին:
Յօդուածներուն հեղինակները այս տարի Յունիսին այցելած էին Հայաստան` առաջին անգամ մասնակցելու մեր երկրին մէջ կազմակերպուած «Միտքերու Հայկական Գագաթնաժողով»ին, որ կազմակերպուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի բարձր հովանաւորութեամբ:
Անդրադառնալով հայոց պատմութեան, KCW Today-ը կը յայտնէ, որ Հայաստան առաջինն էր, որ 301 թուականին ընդունեց քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօնք:
Հեղինակները յատուկ անդրադարձ կատարած են Հայոց Ցեղասպանութեան` յայտնելով, որ 1915-1922 թուականներուն մօտաւորապէս 1,5 մլն. հայեր Օսմանեան Կայսրութեան կողմէն կազմակերպուած ձեւով կոտորածի ենթարկուեցան:
KCW Today-ի օգոստոսեան թիւին մէջ յատուկ անդրադարձ կատարուած է Մատենադարանին` սկսեալ հայոց ձեռագրերու ստեղծման պատմութենէն մինչեւ հնագոյն ձեռագրերու ստեղծումն ու մեր օրերուն անոնց պահպանումը: Հեղինակները դիտել տուած են, որ հնագոյն ձեռագրերու հիմնարկը ոչ միայն հայկական ձեռագրերու ամենամեծ հաւաքածոն ունի, այլեւ հոն կը պահպանուին օտարալեզու հնագոյն ձեռագրեր , ինչպէս նաեւ արժէքաւոր շատ գրութիւններ, որոնց բնօրինակները, ցաւօք, շատոնց ոչնչացուած են, եւ այսօր կը պահպանուին միայն անոնց հայերէն թարգմանութիւնները: