«Շէյխ Նաճճար» արդիւնաբերական քաղաքը Հալէպի կարեւոր արդիւնաբերական շրջաններէն մէկը կը համարուի: Հակառակ Սուրիոյ երկարատեւ պատերազմին, շրջանի գործարանատէրերը կառավարութեան հետ գործակցաբար իրենց կարելին ի գործ դրին քաղաքին նախկին դիրքը վերականգնելու համար:
«Շէյխ Նաճճար» արդիւնաբերական քաղաքի ընդհանուր տնօրէն, երկրչփ. Հազէմ Աճճան «Սաուրա» թերթի թղթակիցին հաղորդեց, որ շրջանի ծառայողական աշխատանքներու ամբողջացման իբրեւ արդիւնք՝ բանող հաստատութիւններու արտադրութիւնը 25-էն 75 առ հարիւրի բարձրացած է: Անոնց կողքին 565 հաստատութիւն կեանքի կոչուած է, իսկ 250 հաստատութիւն վերանորոգման ընթացքի մէջ է: Կը նախատեսուի, որ 2019-ի աւարտին բանող հաստատութիւններու թիւը 800-ի հասնի:
Սուրիոյ նախարարներու խորհուրդի տնտեսական յանձնախումբը սիմենթի արդիւնաբերութեան զարգացման գծով կարեւոր քայլերու ձեռնարկած է:
Յանձնախումբը դիտել տուած է, որ Սուրիոյ վերականգնումի շինարարական աշխատանքներուն համար կարիք պիտի ստեղծուի մեծաքանակ սիմենթի, ուստի անհրաժեշտ է տարեկան արտադրութեան ներկայ քանակը՝ 5,6 միլիոն թոնի, բարձրացնել, որպէսզի կարելի ըլլայ բաւարարել ներքին շուկան եւ սուրիական սիմենթը արտածել այլ երկիրներ:
Դամասկոսի Միջազգային Ցուցահանդէսին Յանձնախումբը յայտնեց, որ շուրջ 400 հրաւէր ուղղուած է արաբ եւ եւրոպացի գործարարներու՝ մաս կազմելու Դամասկոսի Միջազգային 61-րդ ցուցահանդէսին։ Յանձնախումբը, գործակցաբար Զբօսաշրջութեան եւ Փոխադրութեան նախարարութիւններուն հետ, կարգաւորած է պատուիրակութիւններուն Սուրիա մուտքն ու կեցութիւնը։
Երկուշաբթի, 12 Յուլիս 2019-ին, Մայատին պատկերասփիւռային կայանը յայտնեց, որ Հմէյմիմի ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առին զինուորական խարիսխին ուղղութեամբ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն արձակած 6 անօդաչու օդանաւերը։ Աղբիւրին համաձայն, մարդկային կամ նիւթական վնասներ չկան, իսկ Հմէյմիմի զինուորական կայանը կը շարունակէ իր առօրեայ գործունէութիւնը: