Հայոց վերապրումի եւ զարգացման պայքարի ճամբուն վրայ կարեւոր հանգրուան մըն է Սեւրի դաշնագիրը, որուն հարիւրամեակը կը լրանայ եկող տարի:
Անոր ապրող կարեւորութիւնը այն իրողութեան մէջ է, որ Մեծ Հայքի մէջ Բագրատունեաց թագաւորութեան կործանումէն՝ 1045-էն, գրեթէ տասը դար ետք, միջազգային համայնքը ընդունեց հայ ազգը իբրեւ քաղաքական գործօն եւ հայոց պետականութեան ներկայացուցիչը հրաւիրեց Համաշխարհային Ա. պատերազմի հաշուեյարդար տեսնող այդ հաւաքին:
Դաշնագիրները, վերջին հաշիւով, իրաւական թուղթեր են, որոնք ուժ կը ստանան ստորադիրներու ենթակայական թէ առարկայական հզօրութենէն: Սեւրի դաշնագիրը օրին ստացած իր կարեւորութենէն անդին, որուն ետին կը գտնուէր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ խտացած հայոց ազգային կենսունակութիւնը, Համաշխարհային Ա. պատերազմին մեր հսկայ զոհողութիւնները եւ Ցեղասպանութիւնը նկատի կ’առնէր այնքանով, որքանով Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէր իբրեւ նոր ձեւաւորուող աշխարհին մէջ ազդակ, որ կրնայ ա՛լ աւելի հզօրանալ:
Քաղաքականութիւնը նկատի չ’առներ թուլութիւնները, պարտուածները՝ ինչպէս պատմութիւնը կը թելադրեն յաղթականները: Սեւրի դաշնագիրի ճակատագիրն ալ տարբեր պիտի չըլլար, երբ շուտով Հանրապետութիւնը թուրքեւպոլշեւիկեան աքցանին մէջ առնուեցաւ ու ճզմուեցաւ:
Այնուամենայնիւ, Սեւրի մէջ վաստակուած ճանաչումը պահպանուեցաւ, Հայաստանը մնաց հանրապետութիւն, թէկուզ՝ Խորհրդային պիտակով: Միաժամանակ՝ ոխերիմ դաշնակից զոյգը՝ թուրքն ու ռուսը, ձեռք ձեռքի, կարելի եղածին չափ տկարացուցին հայկական գործօնի ապագայ հզօրացման նախադրեալները, առաջին հերթին մասնատելով Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցուած հողային ամբողջականութիւնը, ապա՝ շրջափակումներու պատանդ դարձնելով երկիրն ու ժողովուրդը: Այդ օրերուն օրակարգ էր Արցախի հետ նաեւ Զանգեզուրը Ատրպէյճանին կցելու խնդիրը, զոր ձախողութեան մատնեց Լեռնահայաստանի հերոսական դիմադրութիւնը:
Վերարժեւորելու համար Սեւրի դաշնագիրը եւ հետեւած Ուիլսընեան իրաւարարութիւնը, Հայաստանի հողային պայմանական ամբողջականութիւնը վերականգնելու հարց գործնապէս չի հետապնդուիր: Կը գրենք ու կը խօսինք այդ մասին, առանց համարժէք քայլերու ձեռնարկելու: Մեր հնարաւորութիւնները հայրենի հողին վրայ ահռելիօրէն սահմանափակուած են, ինչպէս նախատեսուած էր 1920-ական թուականներուն սկիզբը:
Հայոց հակառակորդներուն համար ալ հարցը փակուած չէ, պարզապէս պատեհ առիթ մը եւ հաւասարակշռութեան խախտելուն պարագային հետամուտ պիտի ըլլան աշխարհաքաղաքական սեփական շահերուն, որ հայոց հայրենիքին վրայով կ’անցնի:
Կասկածէ վեր է, որ Արցախ աշխարհի ազատագրումը ատրպէյճանական լուծէն ամրապնդումն էր Սեւրի դաշնագիրով ճանչցուած հայկական գործօնի կենսունակութեան: Քաղաքական աշխարհի վերաբերմունքը՝ թեր կամ դէմ, այդ կենսունակութեան հետ հաշիւի կը նստի: Ո՛րքան արդիւնաւոր դրսեւորուի այդ կենսունակութիւնը, ո՛րքան ամուր եւ կուռ ըլլայ հայոց ազգային կազմակերպուածութիւնը, հաստատուն՝ գաղափարական հիմքը, միաբանութիւնը եւ ըմբռնողութիւնը ազգային ընդհանուր ուղեգիծին հանդէպ, այնքան կ’աճի յարգանքը հայոց եւ անոր իղձերուն հանդէպ:
Վերջապէս, պատմութեան թատերաբեմին վրայ մնալու համար անվերջանալի, նաեւ՝ ներկայ հանգամանքներուն մէջ, անհաւասար պայքար մղելու հարկադրուած է Հայաստանը եւ հայը: Այս պայքարին մէջ չթուլնալու եւ տեղի չտալու համար, նիւթական հզօրութիւններու կուտակումը թերեւս չբաւեն ազգի ներքին ամրութիւնը եւ աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը երկար ժամանակի վրայ պահպանելու համար: Ահա, շուրջ երեք տասնամեակէ ի վեր, Արցախի ազատագրական պայքարի յաղթանակը բաւական չեղաւ զայն քաղաքական սակարկութիւններէ դուրս բերելու, վերջնականացնելու եւ զարգացնելու կամք դրսեւորելու համար: Երկիրը եւ ժողովուրդը պատանդ մնացին ոչ-պատերազմ, ոչ-խաղաղութիւն մաշող առօրեային:
Հաւանական է, որ օր մը Ուիլսընեան Հայաստանի սահմանները վերականգնելէ ետք ալ նոյնը պատահի: Փայլատակումները շուտ կը յանգին, կը սպառին: 1918-ի փայլատակումները Սարդարապատէն մինչեւ Արարա ու Պաքու, 1920-ին յանգած էին:
Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը հզօր գաղափար է, զոր իրագործելէ ետք պայքարը եւ կռիւը պիտի չաւարտին, այլ պիտի շարունակուին նոր դիրքերէ, թերեւս նոր ոսոխներու դէմ: Այսօր, երբ կը խօսինք եւ կը գրենք մեծամասնութեան համար երազային թուացող բաղձալի նպատակին մասին, երբ յարաբերական խաղաղութիւն է նաեւ մեր պետութեան համար, ժամանակն է ազգային համաձայնութիւն մշակելու ոչ թէ Միացեալ Հայաստան, Միացեալ Հայութեամբ նպատակին շուրջ, այլ զայն ամրապնդող, կենսաւորող եւ տեւական դարձնող ազգային առաքելութեան շուրջ:
Այո՛, այսօր եւ ոչ թէ վաղը ըսել՝ ինչո՛ւ կենսական է հայոց քաղաքակրթական բնավայրի ամբողջացումը եւ բնակեցումը բնիկ ժողովուրդով: Եթէ ազգային միասնութիւն պէտք է երկար եւ դաժան պայքար մղելու, ազգովին նորանոր զոհողութիւններ յանձն առնելու համար, եթէ կ’ուզենք խուսափիլ հերթական փայլատակումէն եւ տեւական՝ ազդու ներկայութիւն ըլլալ համաշխարհային թատերաբեմին վրայ, հարկ է դարերու մաշումին տոկալ՝ հայ անհատը, սերունդներ խանդավառելով ոչ միայն պատմութեամբ եւ հոն տեղ գտած սխրանքներով, այլ ներշնչելով կենսունակ, ապագայահայեաց գաղափարով, տեսլականով:
Միացեալ Հայաստան, միացեալ հայութեամբ բանաձեւը արդէն հարիւր տարիէ ի վեր գոյութեան իրաւունք նուաճած է: Սակայն, ըստ երեւոյթին, նոր խթան եւ իտէալ պէտք են՝ անոնց իրականացման հետամուտ ըլլալու համար:
Հայոց պատմութիւնը շուրջ երկու հազար տարի հիւսուած է ազատութեան եւ ինքնիշխանութեան համար մղուած պայքարներով, որոնք պարբերաբար սաստկացած են, ապա յանգած, առանց երկար ժամանակի վրայ զանոնք արդիւնաւորել եւ ամրապնդել կարենալու, պտտելով ազնուականութեան, նախարարական տուներու իշխանական յաւակնութիւններուն շուրջ:
19-րդ դարու ազգային զարթօնքը համաժողովրդական խարիսխի վրայ ջանաց վերականգնել ազգն ու հայրենիքը: Եւ այս շարժումը բոցավառողը եղաւ ազգի պատմութեան վերիվայրումներուն տոկացած հարստութիւնը՝ գիրը, գրականութիւնը, գեղարուեստը, մշակոյթը: Յաջորդ մակարդակը, որ աննուաճ մնաց քաղաքակրթութեան բիւրեղացումն էր: Մենք շարունակեցինք տարտղնուած մնալ արեւելքի, արեւմուտքի, հիւսիսի եւ հարաւի միջեւ: Ահա ա՛յս է որ պարտինք յաղթահարել, յամառօրէն եւ աննահանջ, մէկ անգամ ընդմիշտ վերջ տալու համար արեւելումներու միջեւ տատանումներուն:
Սեւրի մէջ արձանագրուած նուաճումը նախ պիտի գիտնանք ամրապընդել քաղաքակրթական ճակատի վրայ, որպէսզի յստակացուի հետագան՝ նպատակ, միջոց թէ առաքելութիւն: Մենք կցորդ չենք ուրիշներու, պէտք չէ՛ ըլլանք, ուրիշներ՝ որոնք անկարող են ցոյց տալու ներդաշնակ աշխարհի եւ մարդկութեան ուղին:
Սեւրը ազգին համար յաղթանակ մըն էր ու նոր մակարդակի պետականութեան նուաճում, որ անմիջապէս դարձաւ մարտահրաւէր, մարտահրաւէրներ: Ազգի բովանդակ ներուժը համադրելու, կազմակերպելու, յարատեւ բանեցնելով՝ զարգացնելու կարիքը կայ, այդ յաղթանակը շարունակ վերարժեւորելու եւ նորոգելու համար:
Այս ճամբուն վրայ, հիմնական պիտի մնայ ազգը համախմբող՝ միաւորող գաղափարական խարիսխը, այլ խօսքով՝ ազգի առաքելութիւնը խորհիլը եւ նորոգելը:
Խմբագրական «Յուսաբեր»ի