Նախորդ դարասկիզբի հայրենակցական միութիւններէն Աշոտի-Տէրէնտէ Հայրենակցական Միութեան եւ Հալէպ հասած գաղթականներուն իրավիճակին մասին ստորեւ յիշուած պատառիկները հրատարակելով կը յուսանք նոր տուեալներ հայթայթել պատմաբանին։

Ինչպէս նաեւ Հալէպի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինարարութեան վերաբերող Արտաւազդ Սրբ. Սիւրմէեանի նամակագրութիւնը նոր լոյս կը սփռէ վերոյիշեալ հայրենակցական միութեան բերած նպաստին։ Թղթածրարին մէջ անդամներու ճշգրիտ պատկեր գոյութիւն չունի, գործունէութեան տեղեկագիր եւս չկայ։

Ստորեւ յիշուած արխիւները ստացուած նամակներու օրինակներ են, որոնցմով պիտի փորձենք անդրադառնալ միութեան գործունէութեան։

Աշոտին Արեւմտեան Հայաստանի Սեբաստիոյ նահանգի գիւղերէն մէկն է, ուր գտնուած է Աշոտ թագաւորին ամարանոցը, անոր անունով ալ նշանաւոր դարձած է գիւղը։ Ներկայիս գիւղը ծանօթ է Կիւնբինար անունով։

21/8/1920 թուակիր միութեան առաջին նամակը, Հայ Ազգ. Երկսեռ վարժարաններու հոգաբարձութեան կողմէ յղուած է, ուր միութենէն կը խնդրուի Ազգ. վարժարան յաճախող աշոտցի աշակերտներուն կրթաթոշակը վճարել, նկատի առնելով դպրոցի հաշուեկշռին մէջ գոյացած 3000 ոսկիի արժողութեամբ բացը։

1921-ին որբախնամ մարմինին կողմէ միութեան յղուած են երեք նամակներ՝ հիւանդներու օժանդակութեան եւ դեղերու վճարումը ամսական դրութեամբ անոնց յատկացնելու խնդրանքով։

18 Օգոստոսի նամակով որբախնամը կը խնդրէ միութեան մասնախումբերէն յստակացնել իրենց կատարելիք յատկացումները եւ ձեւը՝ «միանուագ թէ ամսական գումարով»։

14/9/1921 թուակիր նամակով կը խնդրուի ղրկել «ձեր քաղաքացի ներկայ տարագիրներու ընդհանուր ցանկը»։

26 Դեկտեմբեր 1921 թուակիր նամակով Հալէպի Միջգաւառային Հայ Միութիւնը Աշոտիի Միութենէն կը խնդրէ ճշդել իրենց որբանոցին մէջ գտնուող որբ-որբուհիներու կաղանդի առիթով միութեան կողմէ տրամադրելի գումարը։ Առ այդ միութիւնը իւրաքանչիւր որբի յատկացուցած է 8 սուրիական ղրուշ։

14 Յուլիս 1922 թուակիր նամակով միութիւնը Հայկական Որբանոցին կողմէ հրաւէր մը կը ստանայ՝ ներկայ ըլլալու «Աղջկանց Նախակրթարանի, Կուրանոցի եւ Մանկապարտէզի» ամավերջի հանդէսին։

15 Յունիս 1923 թուակիր նամակով Հայ Ազգ. Միութիւնը միութենէն կը խնդրէ Ազգ. վարժարանի ի նպաստ 25 վիճակահանութեան տոմս վաճարել։

26 Հոկտեմբեր 1923 թուակիր նամակով Միջգաւառային Հայ Միութիւնը Աշոտիի Միութենէն կը խնդրէ որոշ յստակացումներ ընել, ճշդելու իր միութեան անուանացանկերուն մէջ որ գիւղերէն կամ քաղաքներէն հայրենակիցներ ներառուած են եւ ամբողջացնել վիճակագրական տուեալները։ Կը պահանջուի նաեւ ճշդել եթէ «միութիւնը դպրոց կը պահէ՞ եւ քահանայ ունի՞»։

7 Ապրիլ 1923 թուակիր նամակով՝ առաքուած Ամերիկայի պատսպարեալներու տեղաւորման բաժինի տնօրէնի «գործեր» եւ «գործունէութիւններ» հարցաթերթիկին, միութիւնը 23 Ապրիլին 1923 թուակիր նամակով պատասխանած է, իր հայրենակիցներուն մասին հետեւեալ տուեալները տալով.

– Քէմբերու բնակչութեան թիւ՝ 6

– Քաղաքի բնակչութեան թիւ՝ 110

– Տղամարդիկ՝ 37

– Կանայք՝ 50

– 18-էն վար աղջիկներ ՝ 10

– 15-էն վար տղաք՝ 13

– Քէմբերու մէջ արհեստով զբաղողներ՝ 2

– Քաղաքին մէջ արհեստով զբաղողներ՝ 30

– Անգործ՝ 45

8 Մայիս 1925 թուակիր նամակով Ճարապլուսէն կը տեղեկացուին հոն գտնուող տէրէնտէցիներու եւ աշոտցիներու անունները, որոնք կրնան նկատի առնուիլ միութեան ընդհանուր ժողովի ընթացքին։

Նամակներու ստորագրութիւններէն կ’ենթադրուի, որ 1925-էն ետք միութեան ատենապետ ընտրուած է Նահապետ Նահապետեան։

11 Նոյեմբեր 1929 թուակիր նամակով Ֆրանսա գաղթած խումբ մը աշոտցի-տէրէնտէցի հայրենակիցներ, լսելով միութեան մասին, կը փափաքին անդամակցիլ անոր։ Նամակին մէջ յիշուած է Ֆրանսա հաստատուած աշոտցի-տէրէնտէցի ընտանիքներու անուանացանկը։

Նոյեմբեր 1930 թուակիր նամակով ՀԲԸ Միութիւնը հրաւէր կ’ուղղէ Աշոտիի Հայրենակցական Միութեան, մասնակցելու «Որբերու Կիրակի»ի հանգանակութեան։

21 Ապրիլ 1931 թուակիր նամակով Ազգ. Դաշնութեան Գաղթականաց Բարձր Քոմիսէրութեան Սուրիոյ եւ Լիբանանի Պատուիրակութիւնը կը խնդրէ միութենէն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրել օգնելու համար գաղթականներուն։

4 Օգոստոս 1931-ին, Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Սրբ. Եպս. Սիւրմէեանի խնդրանքով միութիւնը կը քննէ ընտանեկան պարագաներ։

12 Հոկտեմբեր 1931 թուակիր նամակով Ազգ. Հայկազեան Երկսեռ Վարժարանաց կողմէ յղուած նամակին պատասխանելով, վարչութիւնը իր հայրենակից 10 աշակերտներու կրթաթոշակին փոխարժէքը կը վճարէ՝ 2333 սուրիական դահեկան։

Վերոնշեալ թուականին միութեան ատենապետն էր Թորոս Պապիկեան։

6 Մարտ 1933 թուակիր նամակով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Սրբ. Եպս. Սիւրմէեան նամակով մը շնորհակալութիւն կը յայտնէ միութեան, Պէյրութի աղէտեալներու օգնութեան յանձնաժողովի անունով՝ «Ի նպաստ հրկիզեալ մեր ազգակիցներու, ձեր հայրենակիցներու շրջանակին մէջ հանգանակած եւ Ազգ. Առաջնորդարանի տրամադրութեան տակ դրուած 3563 սուրիական դահեկանի գումար»ին համար։

1935-ին միութիւնը 20 Օսմանեան ոսկիով կ’օժանդակէ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինութեան։

Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Արտաւազդ Սրբ. Արք. Սիւրմէեանին միութեան ուղղած 18 Նոյեմբեր 1935 թուակիր նամակէն կ’ենթադրուի, թէ միութիւնը «30 Օսմանեան լիրա պահ դրած էր Ալպէր Հօմսիի դրամատունը», որմէ 20-ը կը յատկացուի եկեղեցւոյ շինարարութեան։

Հետագային դրամատան սեփականատէր Ալպէր Հօմսի ինք եւս 20 սուրիական թղթադրամ կը նուիրէ եկեղեցւոյ շինութեան։

Սրբազան հօր նամակը կը ներկայացնենք ամբողջութեամբ.

«Հալէպ, 18 Նոյեմբեր 1935

Ներփակ

Քսան Օսմ. ոսկիի համապատասխան ընկալագիրը, Պրն. Ս. Տէլիկէօզեանէ ստորագրուած։

Մեծայարգ

Տիար Թորոս Պապիկեան, Ատենապետ

ԱՇՈՏԻի Հայրենակցական Միութեան Վարչութեան

Աստ

Սիրելի Տիար,

Յարգելի Վարչութեանդ խնդրանքով ամսոյս 10-ի Կիրակի օրը անձամբ այցելեցի Ազն. Տիար ԱԼՊԵՌ ՀՕՄՍԻի եւ իրեն ներկայացնելով Միութեանդ կողմէ Հօմսիի Դրամատան մէջ ի պահ դրուած 30 երեսուն օսմանեան Լիրայի ստացագիրը, խնդրեցի իրմէն որ սոյն գումարը Ազգ. Առաջնորդարան յանձնէր, յատկացուելու համար Սէպիլի Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ շինութեան եւ իր կողմէ ալ նպաստի գումար մը տրամադրէր սոյն նպատակին։

Նոյեմբեր 12-ի Երեքշաբթի օրը Պրն. Հօմսիի մօտ ղրկեցի Պրն. Ս. Գայնաքեանը, որուն յանձնած էր լման երեսուն օսմ. ոսկին, առարկելով որ սոյն գումարը աւանդ թողուած էր իր քով, «առանց տոկոսի»։

Համաձայն Վարչութեանդ ցանկութեան, սոյն երեսուն լիրային միայն ՔՍԱՆԸ փոխան ընկալագրի յանձնուեցաւ Պրն. Սրապիոն Տէլիկէօզեանի, յատկացուելու համար Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ շինութեան, որ փափաքեցաւ Առաջնորդարանի միջոցաւ, իւրաքանչիւր շաբաթ հինգ օսմ. լիրա տրամադրել Շինութեան Յանձնաժողովին։

Մնացեալ ՏԱՍԸ (10) լիրան, այսօր փոխան ստացագրի յանձնուեցաւ Պրն. Միհրան Մամբրէլեանի։

Երկու օր առաջ սակայն Պրն. Ալպէռ Հօմսի, իր պաշտօնեայի միջոցաւ Առաջնորդարան ղրկեց նաեւ ՔՍԱՆ Սուրիական Թղթադրամ, իբր նուէր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ, խնդրելով որ աղօթենք իրեն համար, իր Եգիպտոս ուղեւորութեան առթիւ, որ նոյնպէս պիտի յատկացուի Ս. Յակոբի շինութեան ծախքերուն։

Զայս հաղորդելով Ձեզ ի գիտութիւն եւ սիրոյ ողջունիւ

մնամք աղօթարար

Արտաւազդ Սիւրմէեան

Առաջնորդ Հայոց Բերիոյ Թեմին»

Նամակագրութիւններէն կ’ենթադրուի նաեւ, որ միութիւնը կարիքաւոր հայրենակիցներուն փոխգումարներ տրամադրած է յատուկ մուրհակներով, իսկ պարոն Սարգիս Տէլիկէօզեանի ժառանգորդներուն հարցը լուծած ու անոր թղթածրարը պահած է։

 

Զեփիւռ Պապիկեան-Աւագեան