«Հորիզոն».-Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Գանատայի շրջանի 40-րդ միօրեայ Շրջանային ժողովը տեղի ունեցաւ 17 Օգոստոս 2019-ին, Քինկսթընի Delta Hotels Kingston Waterfront ժողովասրահին մէջ։ ժողովին ներկայ էին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ ընկեր Վիգէն Թիւֆէնքճեան եւ ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկեր Վահէ Յակոբեան։
Օրակարգի աւարտին տեղի ունեցաւ 2019-2020 տարեշրջանի Քանատայի Շրջանային վարչութեան կազմի լրացուցիչ ընտրութիւնը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք վարչական կազմը եւ անոնց պաշտօնները.
– Ծովիկ Գահուէճեան, ատենապետ
– Մեղեդի Էթիէմէզեան, ատենադպիր
– Սալբի Մարգարեան, գանձապահ
– Մարալ Պէրպէրեան, խորհրդական
– Սիւզի Նաճարեան, խորհրդական
Համազգայինի Քանատայի Շրջանային վարչութիւն