Agencia Prensa Armenia կը հաղորդէ, որ Ուրբաթ 16 Օգոստոսի երեկոյեան, Թուրքիոյ Ազգային Ժողովի մէջ Ժողովրդային Ժողովրդավարական Կուսակցութեան պատգամաւորներ Կարօ Փայլան և Էպրիւ Կիւնէյ, որոնք շրջապտոյտի ելած են Հարաւային Ամերիկա, այցելեցին Պուէնոս Այրէսի մէջ ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կեդրոնատեղի:

Անոնք ընդունուեցան ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներու, գաղափարակից կազմակերպութիւններու՝ ՀՕՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի շրջանային թէ տեղական մարմիններու ներկայացուցիչներու, երիտասարդական միութեան եւ սկաուտներու ներկայացուցիչներուն կողմէ:

Հանդիպման իր մասնակցութիւնը բերաւ Ընկերվար Միջազգայնականի ՀՅԴ ներկայացուցիչ Մարիօ Նալպանտեան:
Հիւրերուն բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԿԿ-ի ներկայացուցիչ Ճանիկ Քէչեան, որ կուսակցութեան Հարաւային Ամերիկայի կառոյցին եւ գաղափարակից կազմակերպութիւններուն անունով ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց անոնց առաքելութեան:
Ելոյթ ունեցան Կիւնէյ եւ Փայլան, որոնք հակիրճ ձեւով ներկայացուցին Թուրքիոյ մէջ տիրող շատ մտահոգիչ իրավիճակը, իրենց պայքարն ու, մասնաւորաբար քաղաքական կեանքին մէջ կնոջ դերակատարութիւնը:
Անոնք անդրադարձան նաեւ տարածաշրջան իրենց այցելութեան, որ իր տեսակին մէջ առաջինն էր, գոհունակութիւն յայտնելով իրենց ունեցած քաղաքական հանդիպումներուն, ինչպէս նաեւ այս առնչութեամբ մամլոյ անդրադարձին համար: Մեր նպատակը, ըսաւ մասնաւորաբար Փայլան, Էրտողանի հալածական քաղաքականութեան սպառնալիքը, որ կրնայ նոր ցեղասպանութեան յանգիլ, Հարաւային Ամերիկայի հանրային կարծիքին ներկայացնելն է: «Թուրքիոյ ժողովրդավարացման համար մեր պայքարը ձեր ալ պայքարն է», ըսաւ ան: Ապա դիմելով ներկաներուն կոչ ուղղեց նոր սերունդին սորվեցնելու, որ Արեւմտեան Հայաստանը նոյնքան իրենց հայրենիքն է որքան Հայաստանի Հանրապետութիւնը, եւ համոզում յայտնեց, որ Թուրքիոյ ժողովրդավարացմամբ եւ ազգայնականութեան վերացումով Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը իրականանայ:
Ներկաները հարցումներ ուղղեցին Թուրքիոյ մէջ հայ համայնքի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ՝ Հարաւային Ամերիկա շրջապտոյտէն իրենց ակնկալութիւններուն մասին:
Հանդիպման վերջաւորութեան ՀՄԸՄ-ի «Արարատ» սկաուտական խումբին ղեկավարները Կիւնէյի և Փայլանի նուիրեցին փողկապներ, որով, ինչպէս ԿԿ-ի անդամներէն մէկը փակման խօսքին մէջ ըսաւ, կը վերանորոգուի միասնական պայքարի ուխտը: