Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնին առիթով,Կիրակի, 18 ֊Օգոստոս 2019-ի առաւօտեան ժամը 9։00-ին, Հասիչէի Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ Ս. Եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ: Եկեղեցւոյ զանգերը աւետեցին նոր յոյսերու, խաղաղ օրերու մօտալուտ ցնծութիւնը:
Պատարագը մատուցեց արժանապատիւ Տէր Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան: Ան իր քարոզին մէջ նախ Հասիչէի հաւատացեալ ժողովուրդին փոխանցեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի ողջոյնները, ապա անդրադարձաւ Աստուածամօր առաքինութեան ու ներկայացուց խաղողօրհնէքի նշանակութիւնն ու խորհուրդը, մաղթելով բարեբեր տարի:
Այնուհետեւ արժանապատիւ Տէր Պսակ մաղթեց, որ Աստուածամօր շնորհալի տիպարը օրինակ ծառայէ իւրաքանչիւր հաւատացեալի:
Հուսկ տեղի ունեցաւ խաղողօրհնէք: Օրհնուած խաղողը բարեմաղթութիւններով բաշխուեցաւ ներկայ հաւատացեալներուն:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն