Քեսապի մէջ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը եզրափակուեցաւ Երեքշաբթի, 19 Օգոստոս 2019-ին, Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի հանդիսապետութեամբ տեղի ունեցած Ս. եւ Անմահ Պատարագով:

Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերենցեան: Ս. եւ Անմահ Պատարագին իր մասնակցութիւնը բերաւ Արժ. Քհնյ. Տէր Մաշտոց Արապաթլեան։ Արարողութեան ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ Գուրգէն Գալուստեան եւ Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Համայնքի վարդապետ Հոգեշնորհ Հայր Նարեկ Լուիսեան:
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով կատարուած ուխտագնացութիւնը իր աւարտին հասաւ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի ուղղած պատգամով:
Սրբազան հայրը եզրափակելով ըսաւ, որ մեր բոլորին մաղթանքն է սուրիական բանակին յառաջխաղացքին իբրեւ արդիւնք ազատագրուած տեսնել նաեւ Եագուպիէն եւ գալիք տարիներուն Ս. Աննայի տօնը յիշատակել տեղւոյն Ս. Աննա եկեղեցւոյ մէջ: Ապա աւելցնելով ըսաւ, որ մեր ուխտը կ՚ամբողջանայ այն ատեն, երբ մենք կ՚այցելենք նաեւ այլ շրջաններու՝ Ճեզիրէի, Թէլ Ապիատի, Ղընեմիէի, Եագուպիէի եւ Տէր Զօրի մեր եկեղեցիները։

Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան արարողութիւն կատարուեցաւ, որմէ ետք եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ խաղողօրհնէք տեղի ունեցաւ:

Յիշենք, որ 1 Սեպտեմբեր 2019-ին, Քեսապի եւ Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն մէջ պիտի յիշատակուի Ս.Աննայի տօնը եւ տեղի պիտի ունենայ մատաղի օրհնութիւն: