Օգոս­տոս 8-ի գի­շերն էր, բո­լորս հա­ւաք­ուած ԱՔԵՃ-ի շր­ջա­փա­կին մէջ կը սպա­սէ­ինք ՍԵՄ-ի տա­րե­կան բա­նա­կու­մի մեկ­նու­մի ժա­մուն։
Ապ­րանք­նե­րը հան­րա­կառ­քին մէջ տե­ղա­ւո­րե­լէ ետք ճամ­բայ ելանք ու եր­կար ճամ­բոր­դու­թենէ ետք հա­սանք Դա­մաս­կո­սի Սէյտ­նա­յա գիւ­ղը, ուր Քե­սա­պի փո­խա­րէն տե­ղի պի­տի ու­նե­նար ՍԵՄ-ի տա­րե­կան բա­նա­կու­մը, նկա­տի ու­նե­նա­լով երկրի ապա­հո­վա­կան պայ­ման­նե­րը:
9 Օգոս­տոս 2019-ին սկիզբ առաւ ՍԵՄ-ի տա­րե­կան բա­նա­կու­մը, որ նուիր­ուած էր ՍԵՄ-ի հիմ­նադ­րութ­եան 40-ամեակին: 2019 տա­րեթիւը կը զու­գա­դի­պէր նա­եւ Ռոս­տո­մի մահ­ուան 100-ամ­եա­կին, ուստի բա­նա­կու­մը կոչ­ուե­ցաւ «Ռոս­տոմ»։
Այս տա­րի բա­նա­կու­մին կը մաս­նակ­ցէ­ին Հա­լէ­պէն, Քե­սա­պէն, Լա­թաք­իա­յէն եւ Դա­մաս­կո­սէն 150 ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի։
Բա­նա­կու­մին առա­ջին օրը բո­լո­ր մաս­նա­կից­նե­րը բաժն­ուե­ցան խում­բե­րու, իւ­րա­քան­չիւր խում­բին մաս կը կազ­մէ­ին զանա­զան մաս­նա­ճիւ­ղե­րէ եւ շըր­ջան­նե­րէ ըն­կեր­ներ: Սա առիթ ըն­ծա­յեց, որ բա­նա­կող ըն­կեր-ըն­կե­րու­հի­նե­րը ծանօթանան իրա­րու եւ մտեր­մա­նան։ Առա­ջին օրը բա­նա­կող­նե­րուն տրա­մադր­ուե­ցան գե­ղե­ցիկ գա­զակ­ներ ու գլխարկներ։
Բա­նա­կու­մի ըն­թաց­քին Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թիւնը իւ­րա­քան­չիւր մաս­նա­ճիւ­ղի յանձ­նած էր որոշ յայ­տագ­րեր, ինչ­պէս հարց-պա­տաս­խա­նի մր­ցում, դաշ­տա­յին խա­ղեր եւ այլն…: Այս խա­ղե­րուն ըն­թաց­քին հա­ճե­լի մր­ցակ­ցու­թեան մթ­նո­լորտ մը կը ստեղծ­ուէր խմ­բակ­նե­րուն մի­ջեւ։
Ստա­ցանք բա­ցա­ռիկ եւ օգ­տա­շատ դա­սա­խօ­սու­թիւն­ներ եւ մաս­նակ­ցե­ցանք զրոյց­նե­րու, որոնք ան­մի­ջա­կան կապ ունէին մեր առօր­եայ կեան­քին հետ։ Կազ­մա­պերպ­ուե­ցան ար­շաւ­ներ եւ պտոյտ­ներ՝ աւա­զա­նագ­նա­ցու­թիւն, Սէյտ­նա­յա ուխ­տա­վայր այ­ցե­լու­թիւն եւ այլն:
Բա­նա­կող­նե­րէ կազմ­ուած չորս յանձ­նա­խում­բեր, կազ­մա­կեր­պե­ցին հրա­շա­լի խա­րու­կա­հան­դէս մը, որ­մով եզրափակուեցաւ բա­նա­կու­մը։
7 օրե­րու ըն­թաց­քին մենք սոր­վե­ցանք ըն­կե­րա­սի­րու­թիւն, փո­խա­դարձ յար­գանք, հա­ւա­քա­կան աշ­խա­տանք հասկացութիւն­նե­րը: Իսկ ամե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ ծա­նօ­թա­ցանք նոր ըն­կեր­նե­րու եւ վեր­ջին վայրկ­եան­նե­րուն դժ­ուա­րաւ բաժն­ուե­ցանք իրար­մէ։
Բա­նա­կու­մի օրե­րը կ’անց­նէ­ին շատ արագ: Ամէն օր լի ու լի կը գոր­ծադ­րէ­ինք ճշդ­ուած օրա­կար­գի կէ­տե­րը, կը պատրաստ­ուէ­ինք խա­րոյ­կի: Օր մըն ալ անդ­րա­դար­ձանք, որ հա­սած ենք բա­նա­կու­մին աւար­տին, մեկ­նու­մի ժամն էր, իրա­քան­չիւ­րը պի­տի վե­րա­դառ­նար իր քա­ղա­քը, սա­կայն քաղցր յու­շերն ու բա­րե­կա­մու­թիւն­ը պի­տի ապ­րէ­ին յա­ւերժ, իսկ մենք, հարս­տա­ցած նոր գի­տե­լիք­նե­րով, նոր մտա­ծե­լա­կեր­պով պի­տի ծրագ­րէ­ինք մեր առօ­րեան։
Խա­րու­կա­հան­դէ­սը աւար­տած էր: Ու­նէ­ինք քա­նի մը ժամ մի­ա­սին արե­ւա­ծա­գը դի­մա­ւո­րե­լու, որ­պէս­զի «Ռոս­տոմ» բանա­կու­մի փակ­ման արա­րո­ղու­թիւնը կա­տա­րէ­ինք։
Հա­սաւ մեր բո­լո­րին ան­ցան­կա­լի պա­հը՝ բա­ժա­նու­մը, երբ առա­ջին օրը ծա­նօ­թա­ցանք չէ­ինք պատ­կե­րաց­նէր, որ բանակու­մի աւար­տին ար­ցուն­քոտ աչ­քե­րով պի­տի բաժն­ուինք իրար­մէ։
Հա­սաւ մեկ­նե­լու ժա­մը, ըն­դու­նե­լի չէր մե­զի հա­մար ամ­բողջ տա­րի մը սպա­սել կր­կին հան­դի­պե­լու հա­մար, այ­դու­հան­դերձ յու­զում­նա­խառն ու­րա­խու­թեամբ մէկս միւ­սին ցտե­սու­թիւն ըսինք՝ յա­ջորդ տար­ուան բա­նա­կու­մին կր­կին տեսն­ուե­լու եւ անկրկ­նե­լի պա­հեր ապ­րե­լու յոյ­սով։
Այս բո­լոր առա­ւե­լու­թիւն­նե­րը յի­շե­լով չմոռ­նանք մեր խո­հա­րա­րը՝ ընկհ.Բէկին, որ ճիգ եւ ջանք չխ­նա­յեց մեզ կուշտ պահելու եւ հա­մեղ կե­րա­կուր­ներ պատ­րաս­տե­լու։
Բա­նա­կում կազ­մա­կեր­պե­լը պա­տե­րազ­մա­կան պայ­ման­նե­րու մէջ մեծ ջան­քե­րու կը կա­րօ­տի, սա­կայն ՍԵՄ-ին հա­մար յոյժ կա­րե­ւոր այս գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը ամէն զո­հո­ղու­թիւն­ներ յանձն առ­նե­լով իրա­կա­նա­ցու­ցին մեր ըն­կեր­նե­րը, իսկ մենք ներշնչ­ուե­ցանք ըն­կե­րա­յին այս առողջ մթ­նո­լոր­տին պահ­պա­նու­մով, ու հա­մոզ­ուե­ցանք որ ամէն դժ­ուա­րու­թիւն կա­րե­լի է յաղ­թա­հա­րել կամ­քի եւ հա­ւատ­քի ու­ժով, բայց մա­նա­ւանդ աշ­խա­տան­քով ու պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կրե­լու յանձնառու­թեամբ:
Անժելա Չաղլասեան
եւ Աւօ Պօղոսեան