«Արմէնփրէս».-Ամուլսարի հանքի շահագործման առնչուող իրադարձութիւններուն ծանօթանալու համար, մարդու իրաւունքներու պաշտպանին յանձնարարութեամբ աշխատանքային խումբ գործուղուած է Ջերմուկ քաղաք:
ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմի հանրային կապերու բաժինէն յայտնեցին, որ այցելութեան ընթացքին նախատեսուած են քննարկումներ Գնդեւազ համայնքի բնակիչներուն, Ամուլսարի հանքի չշահագործելուն համար տարածքին մէջ հերթապահութիւն իրականացնող քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ: Առանձին քննարկումներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Ջերմուկի համայնքապետարանէն ներս:
Նկատի առնելով լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու հրապարակումները` առանձին դիտարկում պիտի կատարուի քաղաքի մէջ ոստիկանական ուժերու կուտակումներուն շուրջ: Այս հարցով Պաշտպանի աշխատակազմին հրատապ գիծին 22 Օգոստոսին Ջերմուկի բնակիչներէն երեք ահազանգ 3 գրանցուած է:
Յայտնենք, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը իր իրաւասութեան սահմաններուն մէջ ուշադրութեան կիզակէտին մէջ կը շարունակէ պահել Ամուլսարի հանքի շահագործման քայլերը: