«Անթիլիաս».- 2020 թուականը ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Հայրապետական գահակալութեան 25-ամեակն է: Այս առիթով, Ազգային Կեդրոնական Վարչութիւնը յատուկ յանձնախումբ մը նշանակած է հանդիսաւոր կերպով յիշատակելու Նորին Սրբութեան 25 տարիներու վրայ տարածուած հովուապետական առաքելութիւնն ու ծառայութիւնը:
Յանձնախումբին մաս կը կազմեն Ազգ. Կեդր. Վարչութեան Կրօնական Ժողովի համա-ատենապետներ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեան եւ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեան եւ նոյն Ժողովի անդամ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան. Քաղաքական Ժողովի համա-ատենապետներ՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեան եւ Տիար Գրիգոր Մահսերեճեան եւ նոյն Ժողովի անդամ Տիկ. Սեդա Խտըշեան:
Յանձնախումբը յառաջիկային պիտի ճշդէ Վեհափառ Հայրապետին 25-ամեայ գահակալութեան առիթով կատարուելիք նախաձեռնութիւնները: