«Ապառաժ».-Ասկերանի շրջանի Պատարա համայնքի տարածքին կազմակերպուած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի առաջին բանակումը 27 Օգոստոսին աւարտած է:

Բանակումի փակման արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան, ԿԿ անդամներ Արթուր Մոսիյեան, Սերկէյ Շահուերտեան, Վահագն Տատայեան, ՀՄԸՄ Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Վրէժ Ասմարեան, բանակումի մասնակիցներուն ծնողները եւ հարազատները:

ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, որ բանակումը պատահականօրէն Պատարա գիւղին մէջ չէ կազմակերպուած. Գիւղի տարածքին գտնուող Լեսնօ գիւղը ազատագրուած այն գիւղերէն է, որուն ազատագրումին մասնակցութիւն ունեցած են ՀՄԸՄ-ականներ Սփիւռքէն եւ Հայաստանի Հանրապետութենէն:
«Այս բանակումը բոլորի կողմէն նոյն ձեւով կը մեկնաբանուի` կազմակերպուած փոքր բանակ: ՀՄԸՄ Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի առաջին բանակումով կը դրուի սկիզբ մը, որ ետդարձ չունի», ըսած է Իշխանեան:
ՀՄԸՄ Արցախի Մեկուսի մասնաճիւղի ատենապետ Վրէժ Ասմարեան իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնած է բանակումին իրենց օժանդակութիւնը ցուցաբերող անձերուն, յայտնելով. «Այս բանակումով գրուեցան Արցախի ՀՄԸՄ 111-րդ մասնաճիւղի պատմութեան առաջին էջերը»:
ՀՄԸՄ 111-րդ մասնաճիւղի աշխատանքները հունաւորելու նպատակով Լիբանանէն Արցախ գործուղուած Նարեկ Հանէեան իր ելոյթին մէջ դիտել տուած է, որ ՀՄԸՄ-ի համար մեծ կարեւորութիւն ունի Արցախի մասնաճիւղի հիմնումը:
«Բանակումին մասնակից Արցախի պատանիները արդարացուցած են մեր սպասումներն ու յոյսերը: Ես վստահ եմ, որ քանի մը տարի անց Արցախի մասնաճիւղը ՀՄԸՄ-ի ամենահզօր մասնաճիւղերէն պիտի ըլլայ», ըսած է Հանէեան:
Փակման արարողութեան ընթացքին բանակումի մասնակիցներուն շնորհուած են հաւաստագրեր, որմէ ետք սկաուտները հանդէս եկած են շարք մը մարզական եւ մշակութային բաժիններով:

Լուսինէ Թեւոսեան