ԵՒ ՎԵ՜ՐՋԱՊԷՍ, ՇԱՀԱՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ՝ ԳԻՐՔԵՐՈՒ ՀԵՂԻՆԱԿ
Ձեռքի տակ ունիմ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ» պաշտօնաթերթի 1956-ի Նոյ.-Դեկտ.ի միացեալ թիւը, ուր Դպրեվանքի այդ օրերու երիտասարդ տեսուչը՝ Գարեգին վրդ. Սարգիսեան (հետագային՝ Գարեգին Բ. կթղ.), յօդուածով մը ոգեկոչած է Շահան Պէրպէրեանի յիշատակը, անոր մահուան քառասունքին առիթով։
Այդ յօդուածով՝ Գարեգին վրդ. հաւանաբար առաջին անձն էր, որ կ’առաջարկէր անյապաղ համախմբել, դասաւորել ու առանձին հատորներով տպագրել նորոգ հանգուցեալ մեծ իմաստասէրին ցրիւ գործերը։ Գարեգին Վրդ. (Գ. Վ.) կը գրէր.«…Չէ կարելի չմտածել իր ՛՛երկնային անմահութենէն՛՛ տարբեր, իր այսպէս կոչուած ՛՛երկրաւոր անմահութեան՛՛ մասին։ Պարզ խօսքով՝ չէ կարելի չմտածել Շահան Պէրպէրեանը ապրեցնելու մասին՝ երկրի յատուկ իրականութեան տարրերու եւ երեւոյթներու մէջէն։ Մէկ բառով՝ պէտք է Շահան Պէրպէրեանը ապրեցնել հատորներու մէջ, գիրքերու մէջ»։
Գարեգին վարդապետի բարի ցանկութիւնը …մնաց ցանկութիւն մը լոկ. չիրականացաւ։ Հարկ եղաւ սպասել ու համբերել 13 տարի, մինչեւ որ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան լոյսին բերէր Շահան Պէրպէրեանի կենսագրական վերոնշեալ հատորեակը ու դա՛րձեալ արծարծէր անոր գործերուն հրատարակութեան այժմէականութիւնը։
Ի պատիւ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեանի, պէտք է նշել անմիջապէս, թէ ան խօսքէն գործի անցնելով՝ հանդիսացաւ առաջին անձը, որ ձեռնարկեց ի՛ր իսկ առաջարկին կենսագործումին։ Ան պեղեց հայ հին ու նոր մամուլը, ժողվեց Շ. Պէրպէրեանի տպագիր գործերէն ստուար էջեր, խմբագրեց ու ծանօթագրեց զանոնք եւ 1975-ին Պէյրութի մէջ լոյս ընծայեց «Գեղագիտութիւն եւ Գեղարուեստ» հատորը, աւելի քան 400 էջանի։ Հոս մէկտեղուած էին գեղագիտութեան մասին Շահանի դասախօսութիւններն ու վեց աւագ արուեստներու վերաբերեալ վերլուծումները։
Շահան Պէրպէրեան, այսպիսով, իր երախտագէտ աշակերտին ճիգերով, պատկառելի գիրքի մը հեղինակն էր այլեւս…։
Ազդանշանը տրուած էր ու գնդակը՝ արձակուած։
Նոյն տարին իսկ, հակառակ Լիբանանի ներքին քաղաքացիական պատերազմի բռնկումին, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքը շարժման անցաւ։ Այդ օրերու տեսուչը՝ Արտաւազդ արք. Թրթռեան, ի՛ր ու դասընկերոջ՝ Գարեգին եպս.ի (Սարգիսեան), 1951-52 տարեշրջանի Դպրեվանքի ընծայարանի իմաստասիրութեան դասապահերու խտացեալ նոթագրութիւնները խմբագրելով՝ լոյս ընծայեց Շ. Պէրպէրեանի անունով նոր հատոր մը,- «Արժէքաբանութիւն կամ արժէքներու իմաստասիրութիւն» (Անթիլիաս, 1976, 160 էջ)։ Այստեղ հեղինակը կը վերլուծէր մեր կեանքը կերտող ու լիացնող բազում արժէքներէն հինգ գլխաւորները՝ տնտեսութիւն (առօրեայ կենսական պէտքեր ու դրամ), գեղագիտութիւն (արուեստներ եւ բնութիւն), ճշմարտութիւն, բարոյականութիւն ու կրօնք։
Յաջորդ տարի, 1977-ին, Արտաւազդ արք. նոյն կերպով ի լոյս ընծայեց Շահան Պէրպէրեանի անունով նոր հատոր մը եւս՝ «Պատմութիւն Իմաստասիրութեան» (Անթիլիաս, 296 էջ)։ Այս գիրքին եւս հիմ ծառայած էին խմբագիր սրբազանին ու Դպրեվանքի իր երբեմնի դասընկերներուն դասարանային նոթագրութիւնները։ Այստեղ, հեղինակը իր պատմութիւնը կը սկսէր նախասոկրատեան շրջանէն ու կտրելով միջնադարն ու Վերածնունդի շրջանը՝ կը հասնէր մինչեւ նոր դարեր, առանձին ակնարկներ սեւեռելով անգլիական, ֆրանսական ու գերմանական ժամանակակից իմաստասիրութեանց պատմութեան վրայ։
1978-ն ալ աւետաբեր եղաւ։ Անթիլիասի տպարանէն լոյս տեսաւ Շահան Պէրպէրեանէն գիրք մը եւս՝ «Բնազանցութիւն», 186 էջանի։
Տարիներ յետոյ, բաւական երկարատեւ «դադար»է մը ետք, Արտաւազդ արք. հրատարակութեան պատրաստեց իր սիրելի ուսուցիչէն չորրորդ հատոր մըն ալ, որ կը կոչուէր «Հոգեբանութիւն» (Անթիլիաս, 1992, 382 էջ)։ Ասիկա կը խօսէր ներքին մարդուն մասին՝ իր պարզ զգայութիւններէն մինչեւ բարդ հոգեկանութիւն ու անձնաւորութիւն, մինչեւ ՀՈԳԻ, որուն անմահութեան հաւատացող էր ինք՝ հեղինակը։
Եւ վերջապէս, 2001-ին մամուլին յանձնուեցաւ «Տրամաբանութիւն» վերնագրով հատոր մըն ալ (96 էջ), որուն մէջ սակայն միայն մասամբ տեղ գտած էին Շ. Պէրպէրեանի տեսութիւնները (իր կարգ մը աշակերտներուն պակասաւոր ու անկատար գրառումներէն վերցուած) ու մնացեալ էջերը համալրուած էին օտար հեղինակներէ թարգմանութիւններով։
Վերեւ նշուած հինգ գիրքերն ալ Արտաւազդ սրբազանի կողմէ օժտուած էին պատշաճ յառաջաբաններով, որոնք կը մատնէին անոր տածած անպարագիծ սէրն ու պաշտամունքը իր անմոռանալի ուսուցիչին նկատմամբ։ Այս գիրքերը, առ այսօր, իբրեւ դասագիրք եւ ուղեցոյց՝ կ’օգտագործուին Դպրեվանքի բարձրագոյն կարգերուն մէջ։
Ի դէպ, Արտաւազդ սրբազան լիացած Շ. Պէրպէրեանի այս գիրքերով՝ երկար տարիներ Դպրեվանքի մէջ պիտի դասաւանդէր իմաստասիրական-հոգեբանական առարկաներ, միշտ իր ուսուցիչին հետեւողութեամբ, այլեւ՝ ձեռնհասութեամբ ու վարակիչ խանդով։
Այս բոլորէն անկախ, մնալով Անթիլիասի մայրավանքի շրջանակին մէջ, անպայման հարկ է յիշել «Իմաստասիրական ժողովածու» խորագրեալ այն ծաւալուն հատորը եւս, բաղկացած 350 էջէ, որ հրատարակուեցաւ 1992-ին։ Այս մէկը «ծաղկաքաղ» մըն էր Շահան Պէրպէրեանի այլաբնոյթ յօդուածներէն, որոնք հաւաքուած, դասաւորուած ու հրատարակութեան պատրաստուած էին երիտասարդ միաբանի մը՝ Շահան վրդ. Սարգիսեանի կողմէ (հետագային՝ արքեպիսկոպոս եւ երկարամեայ առաջնորդ Բերիոյ Թեմին)։ Գիրքը ձօնուած էր Պէրպէրեանի ծննդեան 100 ու մահուան 35 ամեակներուն։ Շահան վարդապետ, որ Պէրպէրեանի ժամանակակից չէր ու անոր աշակերտած չէր կրնար ըլլալ բնականաբար, բախտն ունէր սակայն կրելու անոր անունը…։ Եւ այդ պատուաբեր «լուծ»ը խթան եղած էր իրեն՝ ձեռնարկելու այսօրինակ ժողովածուի մը պատրաստութեան, ինչպէս ինք իսկ կը բացատրէր հատորին յառաջաբանին մէջ։
* * *
Դպրեվանքի նախաձեռնութիւնը, ինչ կը վերաբերի Շ. Պէրպէրեանի գործերուն հրատարակութեան, ազդու գրգիռ մը եղաւ կարծէք, որ նոյն Դպրեվանքի 40-ական թուականներու վաղեմի սաներէն Սիմոն Հովիւեանն ալ հրատարակութեան պատրաստէ իր ուսուցչին դասախօսութիւններուն ի՛ր սեփական նոթագրութիւններն ու գրառումները, մանաւանդ հոգեբանութեան դասերուն առնչուածները։
Հովիւեան (1919-2004), որ արդէն գրավաճառ էր ու գրահրատարակիչ, 1980-1985՝ Պէյրութի մէջ հերթաբար լոյսին բերաւ Շ. Պէրպէրեանի անունով «Հոգեբանութիւն» խորագրեալ շարքի մը երեք անջատ ժողովածուները, իբրեւ «ուսումնական լիակատար դասընթացք»։ Ընդամէնը՝ շուրջ 670 էջ (ի դէպ, Ս. Հովիւեան 1965-ին ալ հրատարակած էր «Իմաստասիրական Հարցեր» անունով 120 էջանի գիրք մը, զոր ինք մշակած ու շարադրած էր լրիւ՝ գաղափարները առնելով սակայն Շ. Պէրպէրեանի դասաւանդութիւններէն)։ Այս հատորները բոլորը, անկասկած, մտան հարիւրաւոր հայ տուներէ ներս (մանաւանդ Լիբանան եւ Սուրիա), կարդացուեցան շատ-շատերու կողմէ ու նոր հետաքրքրութիւն մը ստեղծեցին վաստակաշատ իմաստասէր-դաստիարակին անունին շուրջ։ Նաեւ դարձան երախտագէտ աշակերտի մը մնայուն ընծան՝ իր պատկառելի ուսուցիչին յիշատակին յաւերժացման ի խնդիր։
Անդին, Երուսաղէմն ալ ձեռնածալ չմնաց Շ. Պէրպէրեանի թողօնին նկատմամբ։ Տեղեակ ենք, որ Ս. Քաղաքի Հայոց Պատրիարքութեան Սրբոց Յակոբեանց տպարանէն լոյս ընծայուած են հետեւեալ երկու գիրքերը.
ա) «Շահան Ռ. Պէրպէրեան. Կեանքը – Նամակներ», հրատարակութեան պատրաստեց՝ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեան, 2001, 64 էջ։
բ) «Թելադրանք Հոգեւորականներու» (հեղ.՝ Շ. Պէրպէրեան), 2002, 42 էջ։
Հրատարակուած այս բոլոր գիրքերը ի մի բերելով՝ մեր գրադարաններուն մէջ կ’ունենանք արդէն Շ. Պէրպէրեանի անունով 12-13 հատոր գործ։ Ու երբ ասոնց վրայ աւելցնենք նաեւ Պէրպէրեանի ողջութեան հրատարակուած անոր քանի մը մանր գործերը («Երկու Ժամանակները»-1943, «Կոմիտաս Վարդապետ. Անձը եւ Գործը»-1936 եւ 1969) մեր դիմաց կը գոյանայ շուրջ տասնհինգ հատորանի շղթայ մը, որ պատիւ կը բերէ հեղինակին ու փրկած կ’ըլլայ անոր որոնող մտքին արգասիքը։
ԵՐԲ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ ԿԸ ԲԱԺՆՈՒԷՐ ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԷՆ
Իր Պարէտ որդւոյն արկածահար մահը (1952) լախտի ծանր հարուած մը եղած էր Շահան Պէրպէրեանի համար։
Խորապէս ընկճուած էր ան։ Իր նախկին խանդն ու իմաստասէր մարդու լաւատեսութիւնը կը չքանային հետզհետէ…։ Ճակատագրի դաժան հարուածին դիմաց ինչպէ՞ս փիլիսոփայէր, ինչպէ՞ս մխիթարէր ինքզինք։
Տարուան մը ակամայ դադարէ ետք՝ թէեւ ան կրկին վերադարձաւ Անթիլիաս, բայց բան մը անվերականգնելիօրէն փլած էր իր հոգւոյն խորը։ Ա՛լ քայքայուեր էր առողջութիւնն ալ ու մանաւանդ սիրտը տկարութեան նշաններ ցոյց կու տար…։
Ինք արդէն ի բնէ առանձնասէր էր, աղմուկէ, խճողումէ ու հանրային կեանքի ժխորէն հեռու փախչող։ Զգուշաւոր, մեղմ, կղպուած ու ինքնամփոփ։ Կը վկայեն որ Անթիլիասի մայրավանքին ցանկապատէն ներս՝ երեք տեղեր կը կազմէին իր առօրեայ կեանքին առանցքը.- Հին վեհարանի այն սենեակը՝ ուր երգեհոն մը կար, յետոյ դասարանը՝ իր աշակերտներով, եւ վերջապէս՝ իր բնակութեան առանձնասենեակը, որուն դրան վրայ երբեմն կախուած թղթիկ մը կը զգուշացնէր չխանգարել ներսը գտնուողին անդորրութիւնը…։
Որդւոյն կորուստէն ետք՝ Պէրպէրեան սովորութիւն դարձուց ամէն ամառ Փարիզ մեկնիլ, տարեկան արձակուրդը իր ընտանիքին ու հարազատներուն հետ անցընելու դիտաւորութեամբ։ Չմոռնալ, որ քոյրը Մաննիկն ու երկու եղբայրները եւս (Օննիկ եւ Նուրհան) Փարիզ կ’ապրէին։ Կը կազդուրուէր անշուշտ որոշ չափով ու վերամուտին դա՛րձեալ կը վերադառնար Լիբանան՝ իր դասերուն գլուխը։
1956-ի վերջին մեկնումը սակայն ճակատագրական եղաւ։ Անվերադարձ մեկնում մըն էր ատիկա։ 9 Հոկտեմբերին ան զոհ կ’երթար սրտի սուր տագնապի մը…
Փարիզի «Յառաջ» օրաթերթն էր, որ Հոկտ. 11-ի իր թիւով կը հաղորդէր մեծանուն դաստիարակին ու իմաստասէրին անակնկալ մահուան բօթը։
Սփիւռքահայ մամուլը հետզհետէ կ’արձագանգէր։ Աւելի ուշ, առանձին անդրադարձումներով, իր վաստակին վրայ լուսարձակ կը բանային Երուսաղէմի «Սիոն»ն ու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Հասկ»ը։
«Յառաջ»ի մէջ (Հոկտ. 12), սիւնակագիր Վահէ (Շաւարշ Միսաքեան) կը գրէր որ ողբացեալը վերջին տարիներուն երբ Փարիզ կ’այցելէր՝ «նիւթական միջոցներ կը փնտռէր միջնակարգ վարժարան մը հաստատելու համար։ Իր յոյսը դրած էր Պէրպէրեան վարժարանի շրջանաւարտներուն վրայ, որոնք մեծ թիւ մը չեն կազմեր մեր գաղութին մէջ։ Ամէն անգամ որ հարցումներ ուղղէինք, անորոշ պատասխաններ կու տար։ Եւ, միշտ զգոյշ, կը խնդրէր որեւէ բան չգրել։ Կ’ըմբռնէինք որ յուսախաբ եղած էր»։
Շաւարշ Միսաքեանի վերի տողերը խորհիլ կու տան մեզի, թէ Շ. Պէրպէրեան մինչեւ իր կեանքին վերջը տեւաբար փայփայեց Պէրպէրեան վարժարանը վերաբանալու երազը…։
Իր մտասեւեռումը միշտ ու միշտ հայ նորահաս սերունդն էր, անոր հայեցի ու բարձրամակարդակ ուսումը։ Կրնա՞ր կռնակ դարձնել իր ցեղին ու երթալ դաստիարակել օտարախօս բազմութիւններ։ Չէ՛ փորձած նման բան։ Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան կենսագրական իր գրքին մէջ կը գրէ.
-Անվարան եւ առանց խղճահարութեան կրնանք յայտարարել որ մենք մեր համալսարանական ուսման շրջանի՛ն իսկ չկրցանք գտնել իր հմտութիւնը ունեցող ուսուցիչ մը։ …Ինք կոչուած էր հայկական համալսարանի մը գլխաւոր զարդը կազմելու, սակայն երկրորդական վարժարաններու մէջ անցուց իր կեանքը։
* * *
 Պէրպէրեանի ազգային յուղարկաւորութեան եկեղեցական արարողութիւնները կը կատարուէին Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մայր տաճարին մէջ, Հոկտեմբեր 13-ին, խուռներամ սգակիրներու եւ մտաւորական դէմքերու ներկայութեան։
Կը դամբանախօսէին Փարիզի առաջնորդ Սերովբէ եպս. Մանուկեան, հրապարակագիր Հրանտ Սամուէլ եւ գրագէտ Մկրտիչ Պարսամեան։
Յետոյ, ողբացեալին անշունչ մարմինը հողին կը յանձնուէր Փարիզի մերձ Պանէօյի գերեզմանատունը, հայ մտաւորականներու յատկացուած դամբարանի մը մէջ, որ բոլորովին նոր էր յարդարուած։
Դագաղ մը եւս կը ծածկուէր հողով…։ Փիլիսոփայի՛ մը դագաղը։
Ի՞նչ կը խորհէր այդ փիլիսոփան կեանքի ու մահուան յաւերժական առեղծուածին մասին։ Կարդա՛նք իր «Երկու ժամանակները» փոքրակազմ գիրքէն հետեւեալ իմաստալից ու սրտառուչ տողերը.
-Երբ Ամանորը կու գայ ամէն տարի իբրեւ պաշտօնական Տօնը Ժամանակին, օրացոյցներու եւ ժամացոյցներո՛ւ ժամանակին, բոլոր անոնք որ ապրեր են ու կ’ապրին հաւատալով իրեն ու հպատակ՝ իր օրէնքներուն, թէեւ պաշտօնական ժպիտ ունին իրենց դէմքին,- տօնին վայել ժպիտը ,- բայց սիրտ չունին գլուխնին վեր առնելու եւ այդ Ժամանակին աչքերուն մէջը նայելու, քանի վստահ են թէ անոնց մէջ իրենց անէացած օրերուն ստուե՛րն իսկ պիտի չգտնեն. ու ընդհակառակն, պիտի կարդան հոն՝ իրենց վաղուան անստուգութիւնը, ու իբր միակ ստուգութիւն՝ այն, թէ իրենց մահուան օրը քա՛յլ մը եւս մօտեցած է իրենց։ Ու կ’աճապարեն նստիլ կերուխումի…։
(Վերջ)
Լեւոն Շառոյեան