ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը  30 Օգոստոսին նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիին` իր գնահատանքը արտայայտելով Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարարութեան կողմէ` երկրին պատմութեան դասագիրքին մէջ Օսմանեան կայսրութեան մասին կատարուած փոփոխութեան համար, որ լոյս կը սփռէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ անոր գործած ոճիրներուն վրայ եւ իրաւամբ զայն կը նկատէ «բռնագրաւող եւ ոճրագործ»:

Օսմանեան կայսրութեան վերականգնման երազը հետապնդող թրքական իշխանութիւնները այսօր կը շարունակեն օսմանեան իշխանութիւններու` արաբական երկիրներուն դէմ կիրարկած թշնամական քաղաքականութիւնը, սակայն այդ քաղաքականութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս պիտի մատնուի պարտութեան` շնորհիւ արաբական երկիրներու զգօնութեան, որուն մեծապէս կը նպաստեն պատմական հաւաստի աղբիւրներու վրայ հիմնուած պատմութեան դասերը:

«Պարո՛ն դեսպան, դուք արդէն ծանօթ էք, թէ հայ ժողովուրդին դէմ եւս կիրարկուեցաւ այդ նոյն քաղաքականութիւնը, որուն գագաթնակէտն էր 1915-ին հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը` մարդկութեան դէմ գործուած այդ ոճիրը:

«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինը կը գնահատէ Սէուտական Արաբիոյ կրթութեան նախարարութեան կատարած օգտաշատ քայլը եւ զայն կը նկատէ 9 Ապրիլին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան ձեր պատմական այցելութեան ընթացքին ձեր արտայայտած կեցուածքներուն համահունչ», յայտնեց Հայ Դատի մարմինը: