«Արմէնփրէս».- Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեան ընդգծած է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին կայուն եւ անշրջելի բնոյթ հաղորդելու կարեւորութիւնը:
2 Սեպտեմբերին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութիւններու կեդրոնական մարմիններու` իր օրինակով առաջին միատեղ խորհրդակցութիւնը` արտերկրի Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական եւ հիւպատոսական ծառայութիւններու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ:
Խորհրդակցութեան ընթացքին Արցախի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարներ Մասիս Մայիլեան եւ Զոհրապ Մնացականեան հանդէս եկած են ելոյթներով: Արցախի արտաքին գործոց նախարարը ներկայացուցած է հանրապետութեան արտաքին քաղաքական հիմնական առաջնահերթութիւնները, անոր միջազգային ճանաչման գործընթացի եւ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ Արցախի իշխանութիւններու դիրքորոշումը: Մասիս Մայիլեան, յատկապէս յայտնած է, որ Արցախի պետականութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ որոշակի համաշխարհային միտումները, որոնց համաձայն ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի իւրացումը կը դիտարկուի որպէս ազգային-քաղաքական հակամարտութիւններու լուծման հիմք, նոր կարելիութիւններ եւ հեռանկարներ կրնան բանալ ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման հարցին մէջ: Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծած է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչման գործընթացին մէջ առկայ դրական միտումներուն կայուն եւ անշրջելի բնոյթ հաղորդելու կարեւորութիւնը:
Անդրադառնալով ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացին` Մասիս Մայիլեան գոհունակութեամբ դիտել տուած է, որ երկու հայկական պետութիւններու ղեկավարութիւններու դիրքորոշումը` պաշտօնապէս Ստեփանակերտի ուղղակի եւ լիիրաւ մասնակցութեամբ բանակցութիւններու լիարժէք ձեւաչափի վերականգնումին շուրջ, ամբողջովին կը համընկնին:
Այնուհետեւ տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում` արտաքին քաղաքական եւ միջազգային ասպարէզին մէջ հայկական երկու պետութիւններուն առջեւ ծառացած հարցերուն լուծման համար նոր գաղափարներու եւ մօտեցումներու մշակման շուրջ: Քննարկուած են միատեղ նախաձեռնութիւններու եւ ծրագրերու իրականացման համար գործնական քայլեր: Կողմերը համաձայնած են նման օրինակով պարբերական խորհրդակցութիւններ իրականացնել: