Ուրբաթ, 31 Օգոստոս 2019-ին, Սուրիոյ նախագահութեան լրատուական եւ քաղաքական խորհրդատու Պուսայնա Շաապան լիբանանեան «Մայատին» պատկերասփիւռային կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Իտլիպի մէջ զինադադարի որոշումը ժամանակաւոր է եւ կը ծառայէ Սուրիոյ իւրաքանչիւր մղոնի ազատագրման ռազմավարութեան: Շաապան դիտել տուաւ, որ թուրք-ռուսական համաձայնութեան հիմքը կը կազմէ Սուրիոյ գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը, իսկ զինադադարը ռուս-սուրիական որոշում էր, որեւէ առնչութիւն չունի այլ համաձայնութիւններու հետ:
Պատասխանելով Թուրքիոյ նախագահին, Շաապան մեջբերեց հետեւեալ ժողովրդային խօսքը. «ջուրը երեւան կը հանէ լողորդին սուտը», աւելցնելով, որ Էրտողան ախորժակներ ունի Իրաքի եւ Սուրիոյ հողերուն նկատմամբ եւ յարաբերութիւններ՝ տեղւոյն զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն հետ: Շաապան հաստատեց, որ թրքական բանակը ստիպողաբար պիտի հեռանայ սուրիական հողերէն: Ապա պարզեց, որ սուրիական կողմը ռուս-թրքական համաձայնութեան ոչ մէկ միջամտութիւն կատարած է, որովհետեւ Թուրքիան վստահելի չէ եւ պարկեշտ վերաբերմունք չի ցուցաբերեր լարուածութեան մեղմացման գօտիներուն գծով:
Շաապան յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի հեռանկարը սուրիական ամբողջ հողերուն ազատագրումն է: Ապա դիտել տուաւ, որ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը պիտի վերահաստատուի ամէն գնով, իսկ սահմանադրական յանձնախումբին մասին ցարդ վերջնական որոշում չէ գոյացած:
Անդրադառնալով Լիբանանի ապահովութեան, Շաապան ըսաւ. «Լիբանան բարեկամ երկիր է, Սուրիա եւ Լիբանան մէկ երկիր կը համարուին: Սուրիան ազգային դիմադրութեան մայրաքաղաքն ու վերնագիրն է, հետեւաբար առնչուած է Լիբանանի հարցերուն, այնպէս ինչպէս Իրաքի: Սուրիան տարածաշրջանի դիմադրութեան առանցքին անբաժանելի մասն է, իսկ սուրիական բանակին դիմադրութիւնն ու մարտնչումները նպաստեցին այս առանցքին ամրապնդման»: