Աւան­դու­թեան հա­մա­ձայն, եա­գուպի­է­ցիք Ս. Ան­նա­յի ուխ­տի օրը կը տօ­նէ­ին ամէն տա­րի Օգոս­տոս ամ­սու երկ­րորդ կիսուն՝ Ս. Յո­վա­կի­մի եւ Ս. Ան­նա­յի Տօ­նին յա­ջոր­դող Կի­րա­կին, Գիւտ Գօտ­ւոյ Ս. Աստ­ուա­ծած­նայ Տօ­նին:
Հա­կա­ռակ Սուր­իոյ քա­ղա­քա­կան պա­տե­րազ­մի աւե­րիչ իրա­կա­նու­թեան, որ պատ­ճառ դար­ձաւ 2013-ին Եա­գուպի­էի ժողո­վուր­դին տե­ղա­հա­նու­թեան, եա­գուպի­է­ցիք չյու­սա­հա­տե­ցան, այլ՝ շա­րու­նա­կե­ցին իրենց ուխ­տը յի­շա­տա­կել Ս. Աննա­յի Տօ­նը Քե­սա­պի եւ Հա­լէ­պի մէջ, ուր կայք հաս­տա­տե­ցին:
Ար­դա­րեւ, Կի­րա­կի, 1 Սեպ­տեմ­բեր 2019-ին, առա­ւօտ­եան ժա­մը 10:00-ին, Ս. Ան­նա­յի ուխ­տի օր­ուան առի­թով Ս. Եւ Անմահ Պա­տա­րագ մա­տուց­ուե­ցաւ Գա­րա­տու­րա­նի Ս. Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ մէջ, ներ­կա­յու­թեամբ եա­գուպ­ի­ա­հայ եւ քե­սա­պա­հայ հոծ բազ­մու­թեան:
Օր­ուան պա­տա­րա­գիչ քա­հա­նան՝ Տէր Նա­րեկ քհնյ. Զե­րէնց­եա­նը, իր քա­րո­զի աւար­տին անդ­րա­դար­ձաւ Ս. Ան­նա­յի խորհուր­դին եւ մաղ­թեց, որ յա­ջորդ տա­րի Ս. Ան­նա­յի ուխ­տը կա­տար­ուի ազա­տագր­ուած Եա­գուպի­էի մէջ:
Այս առի­թով Ս. Ան­նա­ եկեղեցւոյ Թա­ղա­կան Խոր­հուր­դի ատե­նա­պետ Գաբրի­էլ Պի­թար իր սր­տի խօս­քը ար­տա­սա­նեց: Ան սր­տա­գին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ յայտ­նեց Քե­սա­պի ժո­ղո­վուր­դին, Գա­րա­տու­րա­նի գիւ­ղա­պե­տին եւ գիւ­ղա­ցի­նե­րուն, որոնք ազ­նուու­թեամբ եւ հիւ­րա­սի­րու­թեամբ իրենց դռ­նե­րը բա­ցին տե­ղա­հան եղած Եա­գուպի­է­ցի­նե­րուն, ինչ­պէս նա­եւ խո­րին շնոր­հա­կա­լու­թիւն­ներ Բեր­իոյ Թե­մի Առաջ­նորդնե­րուն, որոնք առիթ ըն­ծա­յե­ցին 2014 թուա­կա­նէն ի վեր Քե­սա­պի մէջ Ս. Ան­նա­յի տօ­նի յի­շա­տա­կու­թեան, նոյն­պէս Քե­սա­պի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թա­ղա­կան Խոր­հուր­դին, որ աջա­կից կը դառ­նայ կազ­մա­կեր­պա­կան աշ­խա­տան­քին:
Ս. Պա­տա­րա­գի աւար­տին, հո­գե­հան­գիս­տի ըն­թաց­քին, հա­րի­սա­յի օրհ­նու­թիւնն ու բաշ­խու­մը կա­տար­ուե­ցաւ, ապա Քեսա­պի ՀՄԸՄ-ի փո­ղե­րա­խում­բը ներ­կա­յա­ցուց փունջ մը ազ­գա­յին եր­գեր՝ տօ­նա­կան մթ­նո­լորտ ստեղ­ծե­լով:

Թղ­թա­կից