ՃԿՈՒՆ ՈՒՍՈՒՑԻՉԻՆ ԱՌԱՒԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Մանկավարժներ վերամուտը դրական լիցքերով դիմաւորելու համար հետեւեալ առաջարկները կը ներկայացնեն ուսուցչական ասպարէզին մէջ նոր մուտք գործած ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն.
– Ինքնավստահ եղէք
Ձեր ուժեղ անհատականութիւնը դրական անդրադարձ պիտի ունենայ աշակերտներուն վրայ: Թոյլ բնաւորութեամբ ուսուցչուհին տեղ չունի ներկայ սերունդի դաստիարակութեան գործընթացին մէջ: Ուսուցչուհին պէտք է վստահի իր անձին, իր կարողութիւններուն: Եթէ ան տատամսոտ է, դասարանին իր խօսքը կ’ուղղէ յաճախ երկմտանքի արտայայտութիւններով, գիտելիքը փոխանցած պահուն յաճախ գիրքին էջերը կը թերթատէ աշակերտներուն դիմաց, առանց նայելու անոնց աչքերուն եւ յստակ նախադասութիւններով հասցնելու միտքը աշակերտին, չի յաջողիր աշակերտին վստահութիւնը շահիլ:
– Լաւ ծրագրել աշխատանքը նախքան դասարան մտնելը
Ուսուցիչը նախքան դասարան մտնելը անհրաժեշտ է որ լաւապէս սերտած ըլլայ դասաւանդուող նիւթին բոլոր մանրամասնութիւնները եւ իր հետ ունենայ օժանդակ նիւթեր:
– Դասաւանդութեան նոր միջոցներու օգտագործում
Ձանձրոյթը ուսանողներու առաջին թշնամին է, որ դասարանին մէջ քաոս կը յառաջացնէ: Երբ աշակերտ մը կը քնանայ, ուրիշ մը այլ բանով կը զբաղի, իսկ երրորդ մը կը փորձէ ուսցչուհիին ուշադրութիւնը գրաւել, խօսիլ եւ խեղկատակութիւն ընել, դասաւանդութիւնը կը խանգարուի: Ուստի աշակերտը պէտք է լրջօրէն հետեւի դասին, իսկ սա ապահովելու համար ուսուցիչը այլազան հնարքներու պէտք է դիմէ եւ բոլորին ուշադրութիւնը կեդրոնացնէ դասին վրայ:
– Մերթ ընդ մերթ զուարճալի պահեր ստեղծել
Կարելի է դասարանէն ներս մերթ ընդ մերթ զուարճալի պահեր ստեղծել, զրուցել աշակերտներուն հետ, հետաքրքրուիլ անոնց հարցերով: Այս մէկը պատճառ կը դառնայ, որ ուսուցչուհին աւելի մօտենայ աշակերտին, իսկ աշակերտը կապուի ուսցչուհիին ու լսէ անոր խորհուրդները:
– Շարժուն ներկայութիւն ըլլալ դասարանէն ներս
Ուսուցիչը պէտք չէ դասապահու ամբողջ տեւողութեան նստի, կամ կանգնի գրատախտակին առջեւ դասը բացատրելու համար:Ան պէտք է յաճախ փոխէ իր դիրքը, պտտի աշակերտներուն միջեւ եւ մօտենալով անոնց մասնակից դարձնէ զիրենք դասին: Այս մէկը կ’ամրապնդէ ուսուցիչ-աշակերտ կապը եւ կ’օգնէ, որ ուսուցչուհին վերահսկէ դասարանին:
– Օգտագործեցէք խաղերու հնարքը
Դասարանը միշտ աշխոյժ վիճակի մէջ պահելու եւ դասաւանդութիւնը հետաքրքրական դարձնելու համար անհրաժեշտ է օգտագործել խաղերով սորվեցնելու ձեւը եւ օգտուիլ համակարգչային խաղերէն յատկապէս, յատուկ պաստառներ տեղադրելով դասարանին մէջ:
Ուսուցիչը թէ՛ դաստիարակ է, թէ՛ գիտութեան լոյսը աշակերտին փոխանցող, զինք որպէս տիպար մարդ կերտող նուիրեալ, հետեւաբար ներկայ ժամանակներուն ան օժտուած պէտք է ըլլայ նաեւ տարբեր հմտութիւններով, որպէսզի կերտէ առողջ ու գիտակից սերունդներ եւ դասաւանդութիւնը կիրարկէ հաճելի ու առողջ մթնոլորտի մէջ:
Սոնա Տէր Պօղոսեան-Տարաքճեան