ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ Կեդրոնական Կոմիտէի անդամներ Մելիք Գարագաւորեան, Յակոբ Հաւաթեան եւ Ազգային ուժերու եւ կուսակցութիւններու համախմբումին մէջ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան, երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հայ եւ իրանցի ժողովուրդներուն միջեւ պատմական յարաբերութիւնները, ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւնները, շրջանին մէջ կայունութիւնը պահպանելու նպատակով Իրանի դերակատարութիւնը, Իսրայէլի դէմ Դիմադրութեան ցուցաբերած զօրակցութիւնը, ինչպէս նաեւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերէն նոյն հեռաւորութեան վրայ գտնուելու Իրանի կեցուածքը: