ՀՀ  Կրթութեան եւ Գիտութեան Նախարարութեան կայքէջը կը հաղորդէ, որ Երեւանի Պետական Համալսարանէն ներս 6 Սեպտեմբեր 2019-ին  ընթացք առած  է «Սալմաստի Պատմութիւն եւ Մշակոյթ» գիտաժողովը, որ նուիրուած է համալսարանի 100-ամեակի տօնակատարութիւններուն: Գիտաժողովին ներկայ  գտնուած են ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան, Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորրդ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեան, Քալիֆորնիոյ Լոս Անճըլըս համալսարանի Նարեկացիի անուան հայագիտութեան ամպիոնի  մասնագէտ Փիթըր Քաուին եւ այլ հիւրեր:

Ողջունելով գիտաժողովի մասնակիցները՝ նախարար Արայիկ Յարութիւնեան յայտնած է, որ սոյն նախաձեռնութիւնը մեր ժողովուրդին կողմէ դարերու ընթացքին կերտուած նշանակալի կեդրոններէն մէկուն` Սալմաստի պատմութեան ու մշակոյթին նուիրուած է.

Նախարարը ըսած է. «Կարեւորութեամբ կ’ուզեմ շեշտել, որ գիտաժողովը կազմակերպուած է ոչ միայն մեր գիտական կեդրոններուն` ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկին, Երեւանի Պետական Համալսարանի արեւելագիտութեան ուսումնարանի իրանագիտութեան ամպիոնին, այլեւ Քալիֆորնիոյ Լոս Անճըլըսի համալսարանի Նարեկացիի անուան հայագիտութեան ամպիոնին կողմէ, ուր այս տարի հիւրընկալուելու պատիւ  ունեցած եմ: Առանձնապէս շնորհակալութեան  արժանի  է ամպիոնի վարիչ, հանրածանօթ հայագէտ Փիթըր Քաուին, որ քրտնաջան աշխատանք տարած է գիտաժողովի նախապատրաստական շրջանին»:

Արայիկ Յարութիւնեանի համաձայն, ՀՀ իշխանութիւնները նպատակասլաց աշխատանք  կը  տանին, որ գիտական ներուժը կարենան մէկտեղել եւ խրախուսել Հայաստան-Սփիւռք գիտական գործակցութիւնը տարբեր ուղղութիւններով, որոնցմէ է հայագիտութեան բնագաւառը:

«Ներկայիս Կրթութեան, Գիտութեան, Մշակոյթի եւ Մարմնամարզութեան Նախարարութիւնը հայագիտութեան զարգացման նոր հայեցակարգ կը մշակէ, որուն ընթացքին նաեւ ձեր աջակցութեան կարիքը պիտի ունենանք, քննարկումներ պիտի ունենանք, որպէսզի հայեցակարգը լիարժէք ըլլայ, համապատասխանելով ժամանակակից պահանջներուն եւ հետազօտական անհրաժեշտութիւններուն: Համոզուած եմ, որ 3 ճանչցուած հայագիտական կեդրոններու ջանքերուն մէկտեղումը յաջողութեամբ կը պսակուի, եւ գիտաժողովը կարեւոր ներդրում կ’ունենայ հայոց Սալմաստի համակողմանի եւ աւելի խոր ուսումնասիրութեան ` միաժամանակ նպաստելով Հայաստան-Սփիւռք գիտական գործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման», ըսած  է նախարարը:

Սփիւռքի հարցերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի համաձայն,  գիտաժողովին քննարկուած են հայութեան կարեւորագոյն կեդրոն հանդիսացող Սալմաստ գաւառի պատմութիւնը, լեզուամշակոյթը, պատմամշակութային ժառանգութիւնը եւ հոգեւոր արժէքներուն առնչուող հարցեր:

Գիտաժողովի մասնակիցները ողջունած են նաեւ  ԵՊՀ արեւելագիտութեան ուսումնարանի իրանագիտութեան ամպիոնի վարիչ Վարդան Ոսկանեան, ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն Ռուբէն Սաֆրաստեանը եւ Քալիֆորնիոյ Լոս Անճըլըս համալսարանի Նարեկացի անուան հայագիտութեան ամպիոնի  մասնագէտ Փիթըր Քաուին:

Գիտաժողովին ներկայացուած են հետեւեալ նիւթերը` տարածաշրջանային հնագիտութիւն, Սալմաստը պարսկական արխիւներուն մէջ, բարբառագիտութիւն, Սալմաստը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ  տարածաշրջանային ճարտարապետութիւն: