«Արմէնփրէս».-Ռումանիոյ ՀՀ դեսպան Սերկէյ Մինասեան 6-7 Սեպտեմբերին Ռումանիոյ Գէորգէն (պատմական հայաբնակ Ջուրջով) քաղաքին մէջ ներկայ  գտնուած է Հայկական արուեստի 9-րդ փառատօնին: Փառատօնը կազմակերպուած է Ռումանիոյ ՀՀ դեսպանութեան աջակցութեամբ` Գէորգենի Հայ Կաթողիկէ Միութեան եւ թեմի, Տրանսիլուանիոյ Հունկարահայերու Միութեան եւ Եարկիթայի Նահանգային Խորհուրդին ջանքերով: