«Ապառաժ».- ՀՅԴ Արցախի ԿԿ ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան անդրադարձած է Արցախի մէջ տեղի ունեցած ՏԻՄ ընտրութիւններու արդիւնքներուն:

«Կ՛ողջունենք Արցախի մէջ տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւնները, որոնք ընթացան ժողովրդավարական եւ ազատ պայմաններու մէջ: Վստահ ենք, որ այս ընտրութիւնները մեր երկիրը մէկ քայլ եւս առաջ պիտի տանին որպէս կայացած պետութիւն եւ աւելի պիտի ամրապնդեն ժողովրդավարական հիմքերը: Ընտրութիւնները ցոյց տուին, որ մեր ժողովուրդը կրնայ զերծ մնալ բոլոր տեսակի պառակտումներէ եւ առաւել միասնական ոգիով շարունակել երկրի զարգացման ուղին», ըսած է Իշխանեան: