«Արցախփրէս» կը հաղորդէ, որ ՀՀ Ազգային ժողովի 9 Սեպտեմբերի նիստի քննարկումին ներկայացուած է Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ զինուորական գործակցութեան համաձայնագիրին նախագիծը:
Հայաստանի եւ Լիբանանի միջեւ զինուորական գործակցութեան համաձայնագիրով անդրադարձ կատարուած է բազմաթիւ ոլորտներու` զինուորական մարզումներէն մինչեւ ռազմարդիւնաբերութիւն, ռազմաճարտարագիտական եւ խաղաղապահ ուժերու գործակցութիւն:
ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Գաբրիէլ Պալայեան նախագիծը ներկայացուցած ընթացքին յայտնած է. «Այս նախագիծը խիստ կարեւոր է մեզի համար, որովհետեւ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքոյ Լիբանանի Հանրապետութենէն ներս կը գտնուի Հայաստանի խաղաղապահ ուժերուն զօրախումբը: Սոյն պայմանագիրով որոշակիօրէն կը յստականան նաեւ անոնց կարգավիճակին հետ կապուած որոշակի հարցեր եւս»:
Փոխնախարարը յայտնած է, որ այժմ Լիբանանի հետ կան նաեւ զինուորական-ռազմաճարտարագիտական լաւ յարաբերութիւններ, իսկ պայմանագիրը պիտի նպաստէ զարգացնելու այդ յարաբերութիւնները: