«Սանա» կը հաղորդէ, որ Յունաստան եւ Կիպրոս դատապարտած են Միջերկրական ծովուն արեւելքը թրքական վարչակարգի ապօրինի հետախուզական գործունէութիւնը:
Յունաստանի վարչապետ Կիրակոս Միցոտակիս Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անասթասիատեսի հետ հանդիպումէն ետք դիտել տուաւ. «Երկու կողմերը իրենց լուրջ մտահոգութիւնները յայտնեցին Թուրքիոյ ծովային ապօրինի միջամտութեան համար»: Ապա աւելցուց, որ անոնք կը վերահաստատեն բանակցութիւնները վերսկսելու իրենց լիակատար փափաքը Կիպրոսի հարցին էական լուծման համար:
Աւելցնենք, որ Եւրոմիութիւնը կանխայայտ նախազգուշացումներէ եւ դադրեցման կոչերէ ետք, անցնող ամսուան ընթացքին Թուրքիոյ վարչակարգին դէմ շարք մը քաղաքական եւ տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատեց ` ի պատասխան Կիպրոսի տարածքային ջուրերուն մէջ շարունակուող ապօրինի պեղումներուն: