«Թերթ».-Եւրոպական Խորհրդարանի 46 պատգամաւոր 13 Սեպտեմբերին բաց նամակ  յղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանին` կոչ ընելով դադրեցնել հալածանքները ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան եւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան հանդէպ:

Բաց նամակին մէջ, յատկապէս, անդրադարձ կատարուած է Թուրքիոյ մէջ բողոքի ալիք բարձրացուցած Տիարպէքըրի, Մարտինի եւ Վանի ընտրուած քաղաքապետները պաշտօնազուրկ ընելու եւ անոնց փոխարէն իշխանութեան կողմէ պաշտօնակատարներ նշանակելու հարցին:

Եւրոպական Խորհրդարանի պատգամաւորները նաեւ անընդունելի  համարած են տարիներ առաջ «թուիթըր»ի վրայ կատարուած հրապարակումներուն համար Ժողովրդահանրապետական Կուսակցութեան կին անդամ Ճանան Քաֆթանճըօղլուին հանդէպ օրերս առնուած 10 տարի բանտարկութեան որոշումը:

Բաց նամակին մէջ Թուրքիոյ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերուն դէմ «ահաբեկչութեան քարոզ իրականացնելու կամ անոնց օժանդակելու» մեղադրանքներու ներկայացումը հալածանք համարուած է, նկատի ունենալով, որ առանց որոշակի ապացոյցներու նման մեղադրանք առաջադրելը այդ մեղադրանքները կեղծ կը դարձնեն: