«Երկիր».-ՀՅԴ ԱՄՆ-ի Հայ Դատի Յանձնախումբը բանակցութիւններ  վարած է պետական բաժինի  բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ Արցախի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ամուր ու ժողովրդավարական խաղաղութիւն հաստատելու միջոցներուն մասին:

Հանդիպումին մասնակցած են պետական բաժինի Կովկասի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու գործերով վարչութեան տնօրէն Չերիլ Ֆերնանտես եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Էնտրիւ Շոֆեր: Հայ Դատի Յանձնախմբին անունով բանակցութիւնները վարած են կառոյցի ղեկավար Ռաֆֆի Համբարեան եւ յանձնախումբի կառավարական հարցերու տնօրէն Թերեզա Երիմեան:

«Հայ Դատի Յանձնախումբը կը գնահատէ մեր բազմամեայ երկխօսութիւնը պետբաժինի  հետ հարցերուն լայնօրէն անդրադառնալով եւ կ’ողջունէ ԱՄՆ-ի առաւել կառուցողական կարելիութիւնները խաղաղութեան, Արցախի եւ դրացի պետութիւններուն քաղաքացիներուն յառաջընթացին եւ բարգաւաճման ուղղուած»,  յայտնած է ՀՅԴ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան` միաժամանակ շեշտելով, որ ԱՄՆ-ն եւ ԵԱՀԿ-ի անոր գործընկերները նշած են, որ աւելի ուժեղ հակազդեցութիւն պէտք է ապահովեն ատրպէյճանական սադրանքներուն դէմ: