ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԵՆՐԻԿ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԿՈԼԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ 
Իտալիոյ Ա. Մրցումներու շարքին 3-րդ փուլին, Ռոմա յաջողեցաւ պարտութեան մատնել Սասուոլօն՝ 4 – 2 արդիւնքով: Հայաստանի հաւաքականի խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան իր նոր խումբին հետ առաջին մասնակցութիւնը բերելով անդրանիկ կոլը նշանակեց: Խաղի առաջին կիսուն հողատէրերը տիրապետեցին խաղարկութեան եւ 12-րդ վայրկեանին առաջին կոլը նշանակեցին, որմէ ութը վայրկեան անց կոլը կրկնապատկեց պոսնիացի խաղացող Էտին Ջեկօն: 22-րդ վայրկեանին Հենրիկ Մխիթարեան ստանալով գնդակը, ձախ ոտքի շեշտակի հարուածով գրաւեց մրցակիցին դարպասը եւ կատարեց իտալական ախոյեանութեան հետ իր կոլերուն բացումը: 10 վայրկեան ետք Ռոմայի չորրորդ կոլը արձանագրեց Քլայվէրտը: Յատկանշական էին Պելեկրինիի 3 կոլային փոխանցումները: Խաղի երկրորդ կիսուն, մրցակիցները աշխուժացան եւ Պերարտիի միջոցով արձանագրեցին երկու կոլ, որոնցմէ մէկը եղաւ տուգանային հարուածով:
ՍՊԱՆԻՈՅ ՊԱՍՔԵԹԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԸ՝ ԱՇԽԱՐՀԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Չինաստանի մայրաքաղաք Փիքինի մէջ աւարտեցաւ համաշխարհային պասքեթի ախոյեանութիւնը, որուն տիտղոսին արժանացաւ Սպանիան, աւարտական մըրցումին պարտութեան մատնելով Արժանթինը՝ 75 – 95 արդիւնքով: Հանդիպումին տեւողութեան, սպանացիները տիրապետեցին խաղին եւ յաջողեցան ցնցել մրցակիցին կողովը դաշտի տարբեր անկիւններէն: Սոյն ախոյեանութեան Սպանիոյ հաւաքականը կրցաւ արձանագրել ութը յաղթանակ, որուն շնորհիւ իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով կրցաւ տիրանալ համաշխարհային ախոյեանութեան: Ան նախապէս աշխարհի ախոյեան հանդիսացած էր 2006-ին
ՄԱՅՔԸԼ ՇՈՒՄԱԽԸՐ ԿՐԿԻՆ ԱՉՔԵՐԸ ԲԱՑԱՒ 
Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին, միջազգային մարզական գլխաւոր լուրը դարձաւ «Ֆորմիւլա-1»ի աշխարհի ախոյեան գերմանացի Մայքըլ Շումախըրի մահաքունէն արթննալը: 2013-էն ի վեր մահաքունի մէջ եղող մարզիկը վերագտաւ իր գիտակցութիւնը: Այս մասին յայտնեց Փարիզի ՃորՃ Փոմփիտուի անուան հիւանդանոցի հիւանդապահներէն մէկը, որ ներկայ եղաւ անուանի մարզիկին վիրահատութեան: Շումախըր 9 Սեպտեմբերին գաղտնի տեղափոխուած էր հիւանդանոցի յատուկ մէկ յարկաբաժինը, ուր ենթարկուած էր սրտի բջիջներու ներդրման վիրահատութեան։ Ըստ նախնական տուեալներու, անոր բժշկական քննութիւնները դրական արդիւնք ցոյց տուած են: Մահաքունէն դուրս գալէ ետք, անոր այցելած են նախկին մարզական տնօրէն Ժան Տոթը, նշանաւոր վարորդներ Ալէն Պրոստն ու Ժան Ալեզին:
ԼԻՈՆԷԼ ՄԵՍՍԻ ՎԵՐՍԿՍԱՒ ՓՈՐՁԵՐԸ
Պարսելոնայի արժանթինցի խաղացող Լիոնէլ Մեսսի Կիրակի օր ֆութպոլի դաշտ վերադառնալով վերամիացաւ խումբի մարզումներուն: Ան շուրջ երկու ամիսէ ի վեր կը բացակայէր մրցումներէն ծանր վնասուածքի մը հետեւանքով, սակայն միշտ ներկայ էր որպէս հանդիսատես, իրեն կ’ընկերակցէին իր մանչերը: Մեսսիի կողքին կը բացակայէր նաեւ Լուիս Սուարէզը, բայց ան շաբաթ օր մաս կազմեց Պարսելոնա- Վալենսիա մրցումին եւ 2 կոլ նշանակեց:
Պատրաստեց
Ռաֆֆի Սիւլահեան