Գլխաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ.Լեւոն Աբղ. Եղիայեանի, մասնակցութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Յովսէփ Քհնյ. Պետոյի, Կիրակի, 22 Սեպտեմբեր 2019-ի առաւօտեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, Հայաստանի վերանկախացման 28-ամեակին առիթով Ս. եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ դրօշի օրհնութիւն։
Պատարագէն ետք հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին մօր հոգւոյն համար։

Արարողութենէն ետք, հոգեշնորհ հայր սուրբը պատկան մարմնի եւ ազգային իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ, Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ցաւակցութիւններ ընդունեց։
Հաւաքական աղօթքին մասնակցեցան նաեւ շրջանի քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրերը։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն