«Էրմէնիհապեր».-Թուրքիոյ ընդդիմադիր քրտամէտ «Ժողովուրդներու Դեմոկրատական» կուսակցութեան (ԺԴԿ-HDP) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան արձագանգած է 23 Սեպտեմբերին Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան  Պոլսոյ հայոց պատրիարքարան ուղարկած Կ. Պոլսի 85-րդ հայոց պատրիարքի ընտրութեան վերաբերող գրաւոր կանոնագիրին: Կանոնագիրին համաձայն, պատրիարքական թեկնածու կրնան դառնալ միայն այն սրբազանները, որոնք ենթակայ են Պոլսոյ աթոռին:

Հայ պատգամաւորի գրառման մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը միջամտեց պատրիարքարանի ընտրութիւններուն: Թուրքիոյ պատմութեան ընթացքին պատրիարքի ընտրութիւններուն մասնակցած եւ նաեւ ընտրուած  են դուրսը ապրող թեկնածուներ, որոնք ծնունդով Թուրքիայէն են : Այժմ կը պահանջեն, որ ընտրութիւն կատարենք 2 թեկնածուի միջեւ: Եկէք մեր բողոքը յայտնենք, որպէսզի պատրիարքի իրական թեկնածուներու ընտրական իրաւունքները չոտնահարուին»: