«Էրմէնիհապեր».-Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ` Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ, 2 հրթիռ ինկած է: Դեսպանատունը կը գտնուի Պաղտատի` «Կանաչ գօտի» կոչուող յատուկ պահպանուած շրջանը, ուր հաստատուած են նաեւ այլ երկիրներու դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններ:
«Կանաչ գօտի»ի անվտանգութեան միջոցները խստացած են, Պաղտատի մէջ պետական կառոյցներու աշխատանքը մէկ օրով դադրած է: