«Էրմէնիհապեր».- Թրքական «Hurriyet» թերթի կայքը կը հաղորդէ, որ Յունաստան-Կիպրոս-Եգիպտոս եռակողմ ձեւաչափով ընթացող 7-րդ գագաթնաժողովը ուղղուած պիտի ըլլայ Միջերկրական ծովու արեւելեան ուժանիւթի աղբիւրներէն Թուրքիոյ քաղած օգուտը խոչընդոտելուն:
Աղբիւրը կը յայտնէ, որ Եգիպտոսի նախագահ Ապտուլֆեթահ ալ Սիսիի, Յունաստանի վարչապետ Կիրիակոս Միցոտաքիսի ու Կիպրոսի նախագահ Նիկոս Անաստասիատիսի մասնակցութեամբ Գահիրէի մէջ գումարուելիք գագաթնաժողովի օրակարգի հիմնական թեման պիտի ըլլայ Կիպրոսի ափերուն Թուրքիոյ սկսած մարզումի աշխատանքները:
Թրքական աղբիւրին համաձայն, յունական կողմը ոգեւորած է նախորդ շաբաթ ԱՄՆ-ի արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի` Աթէնք կատարած այցելութեան ընթացքին կատարած յայտարարութիւնը՝ առ այն, որ Ուաշինկթըն դէմ է Կիպրոսի ափերուն Թուրքիոյ կողմէ նաւթի ու կազի որոնման նպատակով կատարուած աշխատանքներուն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա կը համարէ որ Կիպրոսի կղզիի բնական հարստութիւններէն կրնան օգտուիլ թէ՛ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը եւ թէ Կիպրոսի թրքական ինքնահռչակ հանրապետութիւնը: Յունական կողմը, սակայն, դէմ է անոր եւ անօրինական կը համարէ Թուրքիոյ գործողութիւնները Կիպրոսի թրքական հատուածի ափային ջուրերուն մէջ: