Քիմ Քարտաշեանն ու քոյրը` Քորթնի Քարտաշեան այցելեցին Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Անմար կրակին մօտ անոնք ծաղիկներ զետեղեցին եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին սուրբ նահատակներուն յիշատակը: Անոնց հետ էին նաեւ իրենց զաւակները:
Քարտաշեան քոյրերուն ընկերակցեցաւ եւ 20-րդ դարասկիզբի մեծագոյն ոճիրին ու անոր նուիրուած յուշահամալիրի կառուցման պատմութիւնը ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեան:
Քարտաշեան յայտնեց, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը իր նպատակն է, եւ երբեք պիտի չյանձնուի: Ան Երեւանի մէջ հայաստանեան քանի մը լրատուամիջոցներու հետ զրոյցի մը ընթացքին պատասխանելով «Արմէնփրես»-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մէջ անոր ջանքերուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հարցի քննարկման մասին հարցումին ըսաւ. «Ես քննարկումներ կ՛ունենամ այդ հարցով Սպիտակ տան մէջ: Այդ հարցով առանձին երկխօսութիւն նախագահին հետ չեմ ունեցած, բայց հարցը կը քննարկեմ խորհրդականներու հետ, եւ ատիկա իմ նպատակն է: Ես պիտի չյանձնուիմ»: